Քալիֆորնիոյ Խորհրդարանը Կը Ճանչնայ Արցախի Անկախութիւնը

Artsakh-IndependenceՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը հաղորդէ, որ Հայաստանէն դուրս մեծագոյն թիւով հայերէ բնակուած Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանը հինգշաբթի, 8 մայիսին ջախջախիչ մեծամասնութեամբ պատմական քայլ մը առաւ որդեգրելով Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կ՛ողջունէ այս խիզախ եւ հիմնարար քայլը, որ վկայութիւնն է ամերիկահայութեան տքնաջան աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիա նահանգի հանրային պաշտօնատարներու բոլոր ժողովուրդներու, այս պարագային նաեւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին նկատմամբ ցուցաբերած յարգանքին:

Այս քուէարկութիւնը մեծապէս կ՛ամրապնդէ հայ ժողովուրդի ոգին` իր արդար տենչանքները հետապնդելու ճամբուն վրայ, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին շղթայազերծած սեփական ճակատագիրին տէր ըլլալու, ժողովրդավարական ինքնակառավարման համակարգ մը ստեղծելու ու այդ ճամբով իր գոյութեան սպառնացող վտանգները դիմագրաւելու պայքարի կարեւորութիւնը:

«Առաւել գնահատելի կը գտնենք այն իրողութիւնը, որ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը ազատութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքները ամրապնդող իր այս քաջարի քայլը առաւ ի հեճուկս ազրպէյճանական ուժեղ ճնշումներուն: Գնահատելով նահանգային օրէնսդիր մարմինին մէջ այս բանաձեւին կողմ քուէարկած իւրաքանչիւր խորհրդարանականի քայլը, կ՛ուզենք առանձին գնահատանք արձանագրել հանդէպ այդ մարմնի անդամներ Մայք Կաթոյի, Ատրին Նազարեանի, Քաջօ Աշաճեանի եւ խորհրդարանի նախագահ Ճոն Փերեզին, որոնք ղեկավարեցին այս դրական արդիւնքը ապահոված ճիգերը` հարազատօրէն ներկայացնելով իրենց ընտրատարածքի բնակչութեան շահերը: Այս բանաձեւի որդեգրումը վճռական յաղթանակ մըն է հայ ժողովուրդին, Արցախի բնակչութեան եւ ինքնորոշման  պայքար տանող բոլոր ժողովուրդներուն համար», կ՛ընդգծէ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն` իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES