Հեֆըրն Հրապարակած Է Ուորլիքի Ելոյթին 3 Պատճառները

0805HeffernՀայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն, ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին, պարզաբանած է, թէ ինչո՞ւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը ճիշդ հիմա ներկայացուցած է լուծման 6 կէտերէ բաղկացած հիմնարար սկզբունքները:   «Անոր համար կան 3 պատճառներ, առաջինը` 14 մայիսին կ՛աւարտի ստորագրուած զինադադարի մասին համաձայնագիրի 20-ամեակը, երկրորդը` վերջին ամիսներուն ընթացքին լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց չկայ, եւ այս ձեւով Ուորլիք կը փորձէ նոր լիցք տալ բանակցութիւններուն: Եւ երրորդ` համանախագահը կ՛ուզէր ներկայացնել Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը եւ տարբերակել Լեռնային Ղարաբաղի բուն կարգավիճակը եւ շրջակայ տարածքներու կարգավիճակը, որովհետեւ տպաւորութիւնը այն է, որ 2 մայրաքաղաքներուն մէջ, հասարակութիւններուն մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այդ տարածքները կը դիտարկեն իբրեւ ընդհանուր, սակայն անոնք տարբեր են, անոր վերաբերեալ արդիւնքներն ալ պէտք է տարբեր ըլլան»,  յայտնեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

Share this Article
CATEGORIES