Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ճնշուած տրամադրութիւնը թեթեւցուցէք, ջանացէք ըլլալ պարզ եւ մէկ կողմ դնել անիմաստ մտահոգութիւնները, որպէսզի հանգստանաք: Թեթեւ կերէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մարզանքը մի՛ մոռնաք, որպէսզի զգաք, թէ նորոգուած էք ոչ միայն ֆիզիքապէս, այլեւ` հոգեպէս: Մարզանքը մարմնին նորոգող ուժն է, կարեւոր է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Խօսեցէք բաց սրտով, ոչինչ պահեցէք ձեր մտքին մէջ: Անկեղծութիւնը աւելի կը յարգուի, քան` ծածկամիտ կեցուածքը: Եղէք քաջ եւ ուղղամիտ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ձեր շրջանէն դուրս ելլէք եւ նոր վայրի մը մէջ գտնուիք, մօտեցէք անծանօթ մարդոց եւ փորձառութիւն ձեռք ձգեցէք: Նորութիւններ կ՛իմանաք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Երկինք-երկիր իրարու մի՛ անցընէք երջանկութիւն գտնելու համար: Երջանկութիւնը ձեր քթին տակն է, մօտեցէք առանց կասկածելու, կ՛ուրախանաք այս իրականութեան դիմաց: Արթուն եղէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Արտայայտեցէք ձեր հմայքը, որով պիտի կարենաք ուշադրութիւնը գրաւել ձեր շուրջիններուն: Արդիւնքը պիտի ըլլայ զարմացնող: Օգտագործեցէք ձեր շնորհները:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Փոքր, աննշան անհանգստութիւններու պարագային գիտցէք կանխել եւ առաջքը առնել անպատեհութիւններու: Ուշադրութեան կարիքը ունիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Տօնական մթնոլորտ պիտի տիրէ ձեր շուրջը: Նոր հանդիպումներ եւ նոր ծանօթութիւններ պիտի ունենաք: Օրը պիտի անցնի յուսատու եւ զուարթ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կասկածամիտ էք, հետեւաբար պիտի չկարենաք կեդրոնանալ ձեր գործին վրայ: Կասկածը հեռացուցէք ձեզմէ, մի՛ խանգարէք ձեր տրամադրութիւնը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր փափաքները եւ ապագայի նկատմամբ ձեր ծրագիրները արտայայտեցէք ձեզի սիրելի անձերու, մտերիմներու: Կրնաք ունենալ նոր ծրագիր:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ստացած գրութիւնները պահեցէք, ուշադիր եղէք գրաւոր տեղեկութիւններու, զորս կը ստանաք: Կանոնաւոր եւ կարգապահ եղէք ամէն պարագայի:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Զոյգերու պարագային, իւրաքանչիւրը պիտի ունենայ իր տեսակէտը: Միաձայնութեամբ եւ համաձայնութեամբ կատարեցէք ձեր ծրագիրները:

 

Share this Article
CATEGORIES