50 Տարի Առաջ (10 Մայիս 1964)

Խորէն Ա.ի Ընտրութեան
Եւ Օծման Առաջին Տարեդարձը

Երէկ` կիրակի, 10 մայիս 1964, լիբանանահայ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման առաջին տարեդարձը:

Լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի յատուկ կարգադրութեամբ, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններ Մաշտոց, Եղիշէ, Կոմիտաս, Եփրեմ եւ Պետրոս հայրեր, Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի զանազան եկեղեցիներուն մէջ քարոզեցին եւ աղօթեցին վեհափառ հօր համար:

Առաջնորդ սրբազան հայրը քարոզեց Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ:

Հակառակ սաստիկ անձրեւին` հաւատացեալ հայ ժողովուրդը լեցուցած էր եկեղեցիները եւ ի խորոց սրտի աղօթեց վեհափառ հօր արեւշատութեան եւ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին պայծառութեան համար:

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ վեհափառ հօր ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ հայրապետական մաղթանքի յատուկ արարողութիւն` նախագահութեամբ դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոսի:

Սրբազան հայրը խօսեցաւ հոյակապ քարոզ մը` վեր առնելով վեհափառ հօր արժանիքները:

«Կիլիկիոյ բազմահազար ժողովուրդը,- մէկ սիրտ դարձած,- ըսաւ քարոզիչ սրբազանը,- աչքերը յառած  է վեհափառ հօր` մաղթելով երկար, առողջ, բեղուն ու երջանիկ կեանք:

«Անցեալ մէկ տարուան ընթացքին մեր վեհափառը այնպիսի գործեր կատարեց, որոնք տարիներ կ՛արժեն:

«Առաջին հանգրուանը իր գործունէութեան եղաւ հաստատուն հիմերու վրայ դնել այս դարաւոր Աթոռը:

«Ծրագրի եւ իրագործման միջեւ մեր վեհին համար անջրպետ չկայ: Նորանոր շինութիւններով պայծառացուց իր Աթոռը եւ միայն ժողովուրդի հիացումին արժանացաւ:

«Իր բարի կեցուածքով, իրատես եւ լայնախոհ, հոկտեմբեր 26-ի ողջագուրումը վերջ դրաւ մեր ներքին արհեստական տագնապին:

«Անխախտ հաւատքով նուիրուելու կոչուած է Կիլիկիոյ Աթոռը: Հոկտեմբեր 26-ին ստեղծուեցաւ սիրոյ եւ եղբայրութեան մթնոլորտ մը: Եւ վեհը հաստատ կեցած` կը շարունակէ պահել ողջագուրումին իմաստը:

«43-րդ վեհափառն է Կիլիկիոյ Աթոռին: Տառապանքի օրեր անցուց այս Աթոռը, բայց հաւատքը չկորսնցուց եւ վերակառուցեց միշտ: Իր կամքին արտայայտութիւնն է իր գոյութիւնը:

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Ս. Աթոռը, որպէս ազգային կեդրոն, կենսական ու փրկարար դեր մը ունի կատարելիք սփիւռքահայութեան համար:

«Գործունէութեան եւ ծառայութեան լայն հորիզոններ բացուած են: Որոշած ենք եւ,  հետեւաբար, ի վիճակի պէտք է ըլլանք հասնելու հոն, ուրկէ ձայն մը կու գայ:

«Աղօթել վեհափառին համար` կը նշանակէ գործակցիլ Անոր: Կը նշանակէ նուիրուիլ այս Աթոռին: Ահաւասիկ հայրապետական մաղթանքին գերագոյն իմաստը:

«Ի խորոց սրտի աղօթենք: Աղօթենք գործով, նուիրումով, զոհաբերութեամբ»:

Այնուհետեւ վեհափառը առաջնորդուեցաւ վեհարան, ոչխար մը զենուեցաւ: Շարականներու երգեցողութենէն ետք, դպրեվանքի սաներու կողմէ, միաբանութեան կողմէ Եզնիկ վարդապետ եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան կողմէ ատենապետ եւ պետական երեսփոխան մեթր Խաչիկ Պապիկեան խօսք առին եւ թուեցին արժանիքները վեհափառ հօր եւ արեւշատութիւն մաղթեցին:

Վեհափառը շնորհակալութիւն յայտնեց եղած սրտազեղ արտայայտութիւններուն համար եւ թուեց իր նախորդներուն կատարած գործը:

Խմբերգուեցաւ «Կիլիկիա»-ն եւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր:

 

Հայկական Կեանք

Ուիլիըմ Սարոյեան Պոլսոյ Մէջ

Հայերը Արտակարգ Ընդունելութիւն Ցոյց Կու Տան

Շաբաթէ մը ի վեր Պոլիս կը գտնուի անգլիագիր մեծանուն գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեան եւ կ՛արժանանայ պոլսահայութեան արտակարգ ընդունելութեան` խանդավառութիւն ստեղծելով բոլոր շրջանակներու մէջ:

Ուիլիըմ Սարոյեան այցելած է Պոլսոյ բոլոր հայկական հաստատութիւնները եւ սերտ շփումներ ունեցած է հայերու հետ: Ներկայ գտնուած է զանազան հայկական հանդէսներու եւ երբեմն խօսք առնելով` յայտնած է իր հպարտութիւնը հայ ծնած ըլլալուն համար: Այցելած է նաեւ Պետրոս Դուրեանի շիրիմը եւ Ս. Խաչ դպրեվանքը:

Ինչպէս գրած էինք, Ուիլիըմ Սարոյեան պիտի երթայ Պիթլիս` իր ծնողքին ծննդավայրը, եթէ կարենայ արտօնութիւն ձեռք ձգել թուրք կառավարութենէն:

Ուիլիըմ Սարոյեանի Գործերուն Ցանկը

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ուիլիըմ Սարոյեանի գործերուն ամբողջական ցանկը.

ՎԷՊԵՐԸ.- «Մարդկային կատակերգութիւն», «Ուէզլի Ճեքսընի արկածախնդրութիւնները», «Երկուորեակ արկածախնդրութիւններ», «Թրէյսիի վագրը», «Ռոք Վակրամ», «Խնդալիք բան», «Մայրիկ, կը սիրեմ քեզ», «Հայրիկ», «Դուն խենթ ես», «Մանչերն ու աղջիկները միասին»:

ՊԱՏՄՈՒԱԾՔԻ ՀԱՏՈՐՆԵՐԸ.- «Սիրելի մանկիկ», «Անունս Արամ է», «Սարոյեանի առակները»,  «Խաղաղութիւնը հոյակապ է», «Վագրերու խնդիրը», «Սէր», «Կը բարեւեմ քեզ», «Փոքրիկ տղաք», «Երեք անգամ երեք», «Ներշնչել ու արտաշնչել», «Թռչող թրափեզին վրայի քաջ երիտասարդը», «Սարոյեանի յատուկ», «Ամբողջ աշխարհը», «Սարոյեանի ընթերցարանը»:

ՅՈՒՇԵՐԸ.- «Հեծանուորդը Պեւըրլի Հիլզի մէջ»,  «Կու գայ, կ՛երթայ գիտես ով»:

ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ.- «Ձեր կեանքի ժամանակը», «Սիրտս Լեռնագաւառն է», «Սիրոյ հին անոյշ երգը», «Գեղեցիկ մարդիկը», «Սուինի ծառերուն մէջ», «Հաշուեկշիռ», «Ծափ ու ծիծաղ», «Սեմ Էկոյի տունը», «Շնորհքով ծնունդ մը», «Երջանիկ յուղարկաւորութիւն մը», «Բարկացած մի երթար», «Անդին գնա ծերուկ», «Ճիմ Տենտի», «Քարայրաբնակները»:

Ասոնցմէ զատ, իր ծննդեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ պատրաստած է «Ֆիֆթի – ֆիֆթի»-ն` 365 գլուխներէ բաղկացեալ հատորը, ուր տարուան մը ամէն մէկ օրուան համար կայ պատմուածք մը: Իր վերջին գործն է «Թռչող թրափեզին վրայի երիտասարդը` երեսուն տարի յետոյ»:

 

Share this Article
CATEGORIES