800 Հազար Տարիներ Առաջ Մարդ Արարածը Մեծ Ճամբորդ Մըն Էր

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

manga-djamport800 հազար տարուան ոտքի հետքեր գտնուած են Հափիսպըրկի մէջ, Անգլիոյ արեւելեան ծովափին վրայ: Ասոնք ափրիկեան ցամաքամասէն դուրս գտնուած ամէնէն հին հետքերն են:

Երեւակայեցէք տեսարանը. ճամբորդներու պզտիկ խումբ մը, չափահասներ եւ երեխաներ, ոտքով կը յառաջանան անգլիական ծովափին երկայնքին` հիւսիսէն դէպի հարաւ: Անոնց արկածախնդրութիւններուն մասին կարելի է հետաքրքրական թղթակցութիւն մը տպել թերթին էջերուն մէջ: Սակայն գրութիւնը պատկերազարդ պիտի չըլլայ, որովհետեւ այս «զբօսաշրջիկները» կ՛ապրէին մօտաւորապէս մէկ միլիոն տարի առաջ, եւ անոնք մեր հոմօ-սափիէններու ցեղախումբին չէին պատկաներ:

Անգլիացի գիտնականներ վերջապէս բացայայտած են մայիս 2013-ին կատարուած այս չսպասուած յայտնաբերումը: Հետքերը պահուած էին ծովէն եկած տարբեր նիւթերով` խոտերով, խիճերով… Բարեբախտաբար գիտնականներ անմիջապէս զանոնք նկարած եւ ուսումնասիրած են: Ապա մակընթացութիւնը եկած եւ զանոնք անմիջապէս փճացուցած է: Կրնայ ըլլալ, որ այս հետքերը մարդկային ոտքերու ամէնէն հին հետքերն են եւրոպական ցամաքամասին վրայ: Հնագէտներ կ՛ենթադրեն, թէ անոնք կը պատկանին հոմօ-անթեսեսոր ցեղախումբին: Այս ցեղախումբին անդամները ապրած են հոմօ-սափիէններէն եւ նոյնիսկ նէանտերթալի մարդոցմէ առաջ: Մինչեւ այսօր անոնց` Եւրոպայի մէջ գոյութեան իբրեւ փաստ գտնուած էին միայն քանի մը ոսկորներ Սպանիոյ մէջ: Ըստ այս ուսումնասիրուած հետքերուն, գիտնականները կրցած են ճշդել, թէ այս նախնական մարդիկը մօտաւորապէս 1,70 մեթր հասակ ունէին, անոնց կ՛ընկերակցէին մանուկներ:

Թանզանիոյ մէջ, Ափրիկէ, գիտնականները արդէն գտած են 3,7 միլիոն տարուան հրաբուխի ածուխներուն մէջ մնացած ոտքի հետքեր: Ժամանակի ընթացքին մեր նախահայրերը սկսած են կամաց-կամաց տարածուիլ երկրագունդին մակերեսին վրայ: Ասիկա առաջին անգամն է, որ մենք անոնց հետքերը կը գտնենք այդքան վեր, հիւսիսային կիսագունդին մէջ: Ասիկա փաստ մըն է, որ մարդիկ տեղ մը շատ հանդարտ երկար ատեն չէին մնար եւ գիտէին տարբեր կլիմաներու վարժուիլ…

 

30 Հազար Տարեկան Ժահր Մը`
Սառոյցին Մէջ Պահուած

manga-jaherՍիպերիոյ սառոյցներուն մէջ բանտարկուած 30 հազար տարեկան ժահր մը գտնուեցաւ ֆրանսացի գիտնականներու կողմէ: Անհաւատալի եւ… մտահոգիչ:

Ժահրը կը գտնուէր հոն` սառոյցին մէջ, Սիպերիոյ տեւական սառած խաւին մէջ: Բազմաթիւ հազարամեակներէ ի վեր պառկած` այս ժահրը նէանտերթալի մարդուն կեանքի շրջանի վերջաւորութեան ժամանակակից էր: 30 մեթր խորերէն նմուշ մը հանելով է, որ գիտնականները գտած են այս տարօրինակ… եւ մտահոգութիւններ յառաջացնող ժահրը: Փիթովիրիւս անուանուած այս ժահրը հսկայ ժահրերու ընտանիքին կը պատկանի. ան այժմ մեզի ծանօթ ժահրերէն շատ աւելի մեծ է, սակայն` ոչ անպայման աւելի վտանգաւոր: Կ՛ենթադրուի, որ փիթովիրիւսը մարդոց եւ անասուններու պարագային անվնաս է: Ո՛ւֆ: Սակայն հարցը ուրիշ է…

Արդեօք քանի՞ ժահրեր նոյն ձեւով «կը քնանան» սառոյցին մէջ, հազարամեակներէ ի վեր: Քանի՞ տեսակ ժահրեր կրնան «արթննալ» եւ «ազատ արձակուիլ» կլիմայի տաքնալէն յառաջացած սառցահալէն: Արդեօք այս կացութիւնը կրնա՞յ վտանգաւոր ըլլալ մարդուն համար: Մասնագէտները կը բացատրեն: Աւելի քան 30 հազար տարիներէ ի վեր գետնին մէջ մխրճուած ժահրեր կրնան վերապրիլ եւ տակաւին վարակող ըլլալ. այս երեւոյթը կը փաստէ, որ կլիմային ջերմացման եւ Արքթիք շրջաններու հանքային եւ ճարտարարուեստական շահագործումը կրնան վտանգներ կրել առողջապահութեան համար: Ասիկա շատ միտք հանդարտեցնող գաղափար մը չէ… սակայն մինչեւ հիմա միայն ծովառիւծները, ծովափիղերը եւ արջեր Արքթիքէն մինչեւ Քանատա վարակուած են իր սառած «քունէն» արթնցած մակաբոյծի մը պատճառով, բարեբախտաբար` ոչ մէկ մարդ արարած…

 

                               1,8 Միլիոն Տոլար Արժող Շունը

manga-chounՉինաստանի մէջ մարդ մը աւելի քան 1,8 միլիոն տոլար ծախսած է թիպեթեան շուն մը գնելու համար: Այս ձեւով այս շունը դարձած է աշխարհի ամէնէն սուղ արժող շուներէն մէկը:

Անոր անունը Պիկ Սփլաշ է: Ան տպաւորիչ շուն մըն է, կարմիր մազերու գունդ մը, որ կը կշռէ մօտաւորապէս 90 քիլօ:

Պիկ Սփլաշ կը պատկանի թիպեթեան մասթիֆ շուներու ընտանիքին: Շատ հարուստ չինացի մը զայն գնեց մօտաւորապէս 1,8 միլիոն տոլարի:

Չինաստանի մէջ Թիպեթի մասթիֆ շուները շատ փնտռուած են շատ հարուստ չինացիներուն կողմէ: Անոնք միջոց մըն են ցոյց տալու, թէ իրենց տէրերը որքա՛ն հարուստ են: Անոնք շատ փնտռուած են, եւ այս պատճառով է, որ անոնք շատ սուղ են:

Պէտք է ըսել, թէ այս շունը, որ յաճախ առիւծի մը հետ կը բաղդատուի իր բաշին պատճառով, տպաւորիչ է: Ան կ՛ապրի Թիպեթի լեռներուն վրայ, ուր անոր մուշտակը զայն ցուրտէն կը պաշտպանէ: Ան հօտերու լաւ պահապան մըն է եւ կրնայ կատաղօրէն վարուիլ:

Սակայն արդեօ՞ք այս շուները իրենք զիրենք հանգիստ պիտի զգան Չինաստանի շքեղ տուներուն մէջ…

 

Տաքուկ Բուրդեր`
Թեւատներուն Համար

 

manga-penguinԱւստրալիոյ մէջ բնութեան պահպանութեամբ զբաղող հաստատութիւն մը յատուկ խնդրանք մը ըրած է:

Ան կոչ մը ուղղած է բոլոր անոնց, որոնք հիւսել գիտեն, բուրդեր հիւսել թեւատներուն (փենկուէն) համար:

Ըստ Ֆիլիփ Այլընտի «Փենկուէն ֆաունտէյշըն»-ի, այս բուրդերը շատ օգտակար պիտի ըլլան ծովուն մէջ թափուած քարիւղի զոհ գացող թեւատներուն:

Քարիւղին պատճառով թեւատներուն փետուրները այլեւս անթափանց չեն: Անոնք թոյլ կու տան, որ ցուրտ օդը եւ ջուրը թափանցեն անոնց մէջէն եւ հասնին մորթին. ասիկա անասունները շատ խոցելի կը դարձնէ: Անոնք կրնան ցուրտէն սատկիլ: Իրենց թեւերուն յարմարցուած այս բուրդերը զանոնք ցուրտէն պիտի պաշտպանեն:

Հաստատութեան համացանցի էջը նոյնիսկ ժողովուրդին տրամադրութեան տակ դրած է այդ բուրդերուն օրինակը եւ հիւսելու կերպը:

 

 Ընձուղտներուն Վիճակը`
Բարելաւուած

 

manga-entsoughd15 տարիներ առաջ մօտաւորապէս 50 ընձուղտներ մնացած էին Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ: Նիկերի մէջ այս անասուններուն պահպանութեան համար տարուած աշխատանքներուն շնորհիւ անոնց թիւը բարձրացած է:

2012 թուականին կարելի էր հաշուել 366 ընձուղտներ` 177 արու եւ 189 էգ: Սակայն ասիկա ըսել չէ, թէ հարցը վերջնականապէս լուծուած է:

Անոնց միջավայրին փճացումը զանոնք կը մղէ միշտ աւելի հեռու երթալ: Այս ձեւով անոնք կրնան անցնիլ Նիկերիոյ սահմանները, ուր առանց արտօնագիրի որսորդութիւնը տակաւին թոյլատրուած է:

Ընձուղտները խիստ հսկողութեան տակ կը գտնուին:

 

Ծխախոտին Հոտը

manga-dsekhakhodԾխախոտի սֆենքսը որդի տեսակ մըն է, որ կը սնանի ծխախոտի տունկին ընտանիքին պատկանող բոյսի մը տերեւներով:

Անոր թրթուրները «հզօր» զէնք մը ունին` պաշտպանուելու իրենց սպառնացող ամէնէն վտանգաւոր թշնամիէն` գայլ-սարդէն:

Անոնք այս սարդէն կը ձերբազատին իրենց բերանին գէշ հոտին միջոցով: Անոնք շնչելու ընթացքին կ՛արտաշնչեն ծխախոտին մէջ գտնուող նիքոթինով լեցուն օդ:

Անոնք պարզապէս կը գործածեն իրենց կերած տերեւներուն մէջի նիքոթինը:

Գերմանացի գիտնականները, որոնք այս ուսումնասիրութիւնը կատարած են, կը փորձեն այժմ գիտնալ, թէ այս թեքնիքը ի զօրո՞ւ է նաեւ ուրիշ որսորդ անասուններու պարագային:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս ամբողջացնել 12 խոհարարներուն դէմքերը:

Կրնա՞ս ամբողջացնել 12 խոհարարներուն դէմքերը

Կրնա՞ս գտնել խմորին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել խմորին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել, թէ քանի՛ թէյաման գոյութիւն ունի պատկերին մէջ:

Կրնա՞ս գտնել, թէ քանի՛ թէյաման գոյութիւն ունի պատկերին մէջ:

Կրնա՞ս թիւերը զետեղել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:

Կրնա՞ս թիւերը զետեղել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:

Share this Article
CATEGORIES