Շուէտ. Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցի Ձեռնարկներ` Սթոքհոլմի Մէջ
24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին առիթով Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցան տարբեր ձեռնարկներ:
Շուէտի հայկական միութիւններու համադրող կեդրոնին նախաձեռնութեամբ` Սթոքհոլմի կեդրոնական Սերյելս Թորյ հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, ուր խօսքեր առին բարձրաստիճան տարբեր պաշտօնատարներ: Իր ելոյթին մէջ Շուէտի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արտակ Ապիտոնեան նշեց, որ այսօր հայ ազգը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ այն երկիրներուն, որոնց շարքին` Շուէտին, որոնք ճանչցած են այս սարսափելի ոճիրը: Դեսպանը գոհունակութիւն յայտնեց, որ Շուէտի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ դերակատարութիւն ունեցող անձեր ներկայ են հանրահաւաքին:
Նախքան հանրահաւաքը ՀՄԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած էր բազմամարդ քայլարշաւ, որուն կը մասնակցէին շուրջ 800 հոգի: Մասնակիցները Քարլապլան հրապարակէն քալեցին դէպի Շուէտի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն` հայրենասիրական երգերու եւ վանկարկումներու ներքեւ:
Նոյն օրը Սթոքհոլմի Վանթյորս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ «Ապրիլ է, ձիւն է արել» խորագիրով համերգ` նուիրուած ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

