Հարաւային Քորէա. Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ` Սէուլի Մէջ

177.Genocide-commemoration-events-in-Seoul-25.04Նախաձեռնութեամբ Քորէա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբին, աջակցութեամբ Քորէայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, 24 ապրիլին Սէուլի` Հարաւային Քորէայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ընդունելութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած լուսանկարներու ցուցադրութիւն:

Ցուցահանդէսին ներկայ էին Հարաւային Քորէայի Հանրապետութեան բազմաթիւ քաղաքացիներ, որոնց շարքին` երեսփոխաններ, գործարարներ եւ լրագրողներ, որոնք դիտեցին Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող տասնեակ մը լուսանկարներ եւ պաստառներ:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցան Հարաւային Քորէա -Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Նօ Եունմեն, Ճափոնի եւ Հարաւային Քորէայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Հրանդ Պօղոսեան եւ երեսփոխան Շին Քինամ, որոնք խօսեցան 20-րդ դարասկիզբի Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան եւ փաստերուն մասին եւ արձանագրեցին, որ այսպիսի ոճրագործութիւններու ճանաչումով եւ գիտակցումով կարելի կ՛ըլլայ կանխել մարդկութեան դէմ հետագայ յանցանքները:

Share this Article
CATEGORIES