I Hate Armenian, I Hate You
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Կեդրոնականցի Արմենակ Հրեշտակներու ոստանէն վերադարձաւ: Ապրիլը հոն անցուցած էր: Ամրան տօթը աւետող մայիսի կիրակի մը եկաւ Էլպիսին հետ: Եթէ լրիւ ամիսը հոն մնացած էր, ինչե՜ր տեսած եւ լսած ըլլալու էր, Երեւանէն ետք աշխարհի ամէնէն հայաշատ բազմաբղէտ եւ բազմաշերտ քաղաքին մէջ, ուր ցամաքի վերջն է, ովկիանոսի անսահմանութենէն առաջ, որմէ ետք գաղթի հասցէ չկայ:
Արմենակ ճառախօս չէ, ներածական չ’ըներ: Կարծէք` զինք հալածող ըլլայ:
– Բազմաքաղաք ոստանի փողոցներուն մէջ զոյգ կողմերէն ծածանող եռագոյն դրօշներ ունէին ինքնաշարժները, տուներու առջեւ կամ ազատուղիներու վրայ: Բառը սիրեցի: Ամէն օր ձեռնարկ կար, թութակաբար կ’ըսեն` միջոցառում: Ամէնուն ներկայ ըլլալ կարելի չէ: Ձեռնարկներ եղան ապրիլ 24-էն ետք ալ: Ֆերահեան սրահ, Լիթթլ Արմէնիա, Մոնթեպելլօ, Հանրային գրադարան, Պոլսահայերու սրահ, Փասատենայի յուշարձանի հիմնարկէք…
– Ի՜նչ լաւ,- ըսի:
– Լաւ, ոչ անբնական, երբ հայերու թիւը վեց հարիւր հազարէ մէկ միլիոն է: Եթէ կէսը ոտքի ելլէ, քաղաքները կը փակուին: Հայոց վաճառատուներու մուտքին ազդեր փակցուցած էին, թէ փակ պիտի ըլլային ապրիլ 24-ին: Լաւ է: Չսպասեցին երեկոն ցոյցի կամ Մոնթեպելլոյի յուշարձանին շուրջ խմբուելու համար:
– Կը թուի, թէ գոհ վերադարձեր ես: Չես տրտնջար:
– Մակա՛ր, լաւը լաւ է, կան նաեւ տխրութիւններ: Հայերէնի եւ դպրոցներու հարցերով հանդիպման մը ուսուցչուհի մը յուզումով կրկնեց հայ դպրոցի իր աշակերտին խօսքը. I hate armenian, I hate you, «you»-ն ալ ուսուցչուհին է: Ինչպէ՞ս այդ մանուկը հասած է հոն: Յաջորդ օրը, երբ կը խօսէինք, ըսին, որ I hate-ը «կ’ատեմ»-ի բիրտ իմաստը չունի, պարզապէս կը նշանակէ «չեմ սիրեր»: Չհամոզուեցայ, քանի որ անգլերէնի մէջ «չեմ սիրեր» ըսելու զանազան բառեր կան:
– Արմենա՛կ, ես ալ չեմ համոզուած այդ բացատրութեամբ:
– Մտածեցի, որ երբ խօսուած հայերէնը սոսկ կենցաղային է, Շաւարշ Միսաքեանի ըսածը կ’ըլլայ` «հաց պանիրի հայերէն», դասի հայերէնը` էսքիմոյի լեզու, եթէ ծնողը չի վարանիր ըսելու նաեւ, որ հայերէնը կարեւոր չէ:
– Արմենա՛կ, այդ նահանջը ամէն տեղ է:
– Անոր փաստն ալ տեսայ եւ լսեցի: Յուշարձանին առջեւ հանդիսավարը յայտարարեց, որ օտար հիւրեր կան, եւ անգլերէն պիտի խօսուի: Միայն կին մը հայերէն խօսեցաւ, «էն էլ ոնց», որ Ցեղասպանութեան զոհերու հոգին փրկեց Մեսրոպի դրախտին առջեւ:
– Արմենա՛կ, ինչո՞ւ Շնորհք պատրիարքին պատկերը շալկած չես երթար, տակն ալ գրելով, որ այդ ՄԵԾ ՀԱՅը ՄԵԾ էր անոր համար, որ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԷՆ ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԸ ԽՕՍԷՐ ԵՒ ԹԱՐԳՄԱՆԵԼ ԿՈՒ ՏԱՐ, ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԱՊԱՐԱՆՔԸ Կ’ԵՐԹԱՐ ԵՒ ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԸ ԽՕՍԷՐ ՈՒ ԹԱՐԳՄԱՆԵԼ ԿՈՒ ՏԱՐ, ԵՐԲ ԻՐ ՄԱՅՐԵՆԻ ԼԵԶՈՒՆ ԹՐՔԵՐԷՆ ԷՐ… Եթէ այդ ցոյցն ալ դուն ընես, թերեւս հրաշք մը կը պատահի:
– Մակա՛ր, կը մտածեմ, որ այդ ուսուցչուհին ինչպէ՞ս դասարան պիտի մտնէ, պիտի նայի այդ տղոց աչքերուն, եւ եթէ պատահի, որ անոնց ծնողները հարցնեն, թէ ինչպէ՞ս են իրենց սիրասունները, ի՞նչ պիտի ըսէ: Պիտի ըսէ՞, որ ապրիլ 24-ը հայ դպրոցի դասարանին մէջ է, եւ թուրքը չէ պատասխանատուն…
Սառնորակ գարեջուրը չզովացուց անուղղայ Արմենակին սիրտը… Եթէ ասդին-անդին չերթայ, սիրտը չի ցաւիր:
3 մայիս 2014
Հրեշտակաց ոստան

