Ճատրակ. Պէյրութի Միջազգային 7-րդ Մրցաշարք. Տիգրան Քոթանճեան Կորսնցուց Մրցաշարքի Իր Առաջին Կէս Կէտը
Հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պէյրութի ճատրակի միջազգային 7-րդ մրցաշարքին, կորսնցուց իր առաջին կէս կէտը, երբ 2-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց լիբանանցի Մեհտի Ֆաղուրիի հետ:
Մրցաշարքին արդիւնքներէն բացի, հոս կարելի է աւելցնել կարեւոր կէտ մը, որ իւրաքանչիւր օր, համացանցի միջոցով կարելի պիտի ըլլայ չորս մրցում ուղղակիօրէն դիտել, յայտնեցին կազմակերպիչները:
CATEGORIES Մարզական

