Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Ապահովեց «Ֆայնըլ Ֆոր»-ի Իր Տոմսը

Շանվիլ - Ռիատի երէկուան մրցումէն

Շանվիլ – Ռիատի երէկուան մրցումէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ էյթ»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ հիւրընկալեց Ռիատին:

Ռիատի, որ նախքան երէկուան մրցումը 2-1 արդիւնքով կը յառաջանար իր մրցակիցին վրայ, յաջողեցաւ յաղթանակ մը եւս արձանագրել, թէեւ քիչ մը դժուարութեամբ` 87-82 (17-20, 32-40, 60-64 եւ 82-87) արդիւնքով եւ ապահովել «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն իր տոմսը:

Շանվիլի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Վլատան Վուքոսովոլիվիչ (29 կէտ եւ 13 ռիպաունտ):

Այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին տեղի կ՛ունենայ Մութթահետ – Պիպլոս չորրորդ մրցումը` Թրիփոլիի մէջ:

Նշենք, որ Պիպլոս այժմ 2-1 արդիւնքով կը յառաջանայ:

Share this Article
CATEGORIES