«Զանազանութիւնը Պէտք Չէ Բեւեռացումի Առաջնորդէ Ընկերութիւնը» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Երկուշաբթի, 5 մայիս 2014-ի առաւօտուն, Պահրէյնի մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Պահրէյնի թագաւոր Համատ պըն Իսա ալ-Խալիֆայի կողմէ կազմակերպուած միջկրօնական միջազգային համագումարին: Վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած էր յիշեալ համագումարին որպէս գլխաւոր դասախօս` նիւթ ունենալով «Կրօնը, մշակոյթը եւ քաղաքակրթութիւնը` ի սպաս մարդկութեան»:
Իր դասախօսութեան սկիզբը վեհափառ հայրապետը ողջունեց Պահրէյնի թագաւորին այս նախաձեռնութիւնը` կրօններու, մշակոյթներու ու քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւնը նկատելով հրամայական` մարդկութեան ապագային համար:
Ներկայ համաշխարհային կացութեան վրայ արագ ակնարկ մը նետելով` վեհափառը ըսաւ, թէ մարդկութիւնը կ’ընթանայ դէպի հակամարտութիւն, մարդկային իրաւանց բռնաբարում եւ բեւեռացում: Եւ աւելի՛ն, բարոյական ու հոգեւոր արժէքներ նահանջի մէջ են: Մարդ-Աստուած եւ մարդ-բնութիւն յարաբերութիւնը սկսած է դառնալ մարդակեդրոն, հիմնուած` մարդկային ժամանակաւոր շահերու վրայ: Այս կացութիւնը կրնայ վտանգել մարդկութեան ապագան, շեշտեց վեհափառը: Ապա այս հպանցիկ յիշեցումներէն ետք վեհափառ հայրապետը իր դասախօսութիւնը բաժնեց վեց գլխաւոր բաժիններու.
ա) Առաջին բաժինը վեհափառը սկսաւ` հարց տալով, թէ զանազանութիւնը կը հեռացնէ՞, թէ՞ ոչ կը միացնէ: Այս հարցումին պատասխանը, ըսաւ վեհափառը, Աստուածաշունչը յստակ կերպով կու տայ: Զանազանութիւնը Աստուած ստեղծեց. սակայն Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած զանազանութիւնը սերտ գոյակցութեամբ ու ներդաշնակութեամբ կը յատկանշուի: Մարդն է, որ զանազանութիւնը կը շահագործէ իր շահին համար` այս ձեւով մերժելով Աստուծոյ կամքը: Այս օրերուն, դժբախտաբար, ցեղային, կրօնական, համայնքային, գաղափարական կամ քաղաքական տարբերութիւնները, փոխանակ օգտագործուելու որպէս հարստացուցիչ ազդակ, կը շահագործուին միակողմանի ու սխալ նպատակներու:
բ) Երկրորդ բաժինը եւս վեհափառ հայրապետը սկսաւ հարցումով մը` զանազանութիւնը վախի՞, թէ՞ ոչ յոյսի ազդակ է: Հիմնուելով աստուածաշնչական տուեալներու ու աստուածաբանական մտածողութեան վրայ` վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ ընտանիքը, համայնքը կամ ընկերութիւնը հիմնուած են զանազանութեան վրայ: Զանազանութիւնը աստուածատուր պարգեւ մը ըլլալով` ան երբեք չի կրնար դառնալ վախի կամ բաժանման աղբիւր, այլ հրաւէր մը` միասին ըլլալու, միասին մտածելու, միասին աշխատելու, ի խնդիր ընկերութեան զարգացման:
գ) Մեկնելով վերոյիշեալ հաստատումներէն` վեհափառը երրորդ կէտին մէջ շեշտեց, թէ փոխադարձ ճանաչումը կենսական է: Չկայ ճշմարիտ ինքնաճանաչում` առանց փոխադարձ ճանաչման: Երբ ուրիշը բացակայ է մեր կեանքին մէջ, երբ ուրիշը կ’անտեսուի կամ կ’արհամարհուի, այս կացութիւնը մարդը կը տանի դէպի ինքնակեդրոն մտածողութիւն ու ինքնանպատակ կեանք: Այլ խօսքով, ուրիշը կը դառնայ թշնամի: Եւ այս մօտեցումը կը յառաջացնէ ցեղապաշտութիւն, ատելութիւն եւ ծայրայեղականութիւն: Հետեւաբար պէտք է զիրար լաւ ճանչնանք, որովհետեւ յաճախ ատելութիւնը կը յառաջանայ յստակ ու ամբողջական փոխադարձ ճանաչողութեան պակասէն:
դ) Զիրար ճանչնալ` կ’ենթադրէ զիրար հասկնալ: Ներկայ աշխարհը իր տեղեկատուական ու հաղորդակցական այնքան զարգացած միջոցներով մեզի լայն կարելիութիւնը կ’ընծայէ զիրար աւելի լաւ ճանչնալու. ճանչնալու` մեր աւանդութիւնները, արժէքները, մտահոգութիւնները: Սակայն ճանաչումը մեզ պէտք է առաջնորդէ դէպի հասկացողութիւն: Յաճախ մենք կը դառնանք մեր դաւանած արժէքներուն ու կատարած ուսուցումներուն գերին: Ինքնահաստատումը կենսական է. եւ ինքնահաստատման ամուր գետինը թէ՛ ինքնաճանաչումն է եւ թէ՛ ուրիշին արժէքներուն, ինքնութեան ու մտահոգութեան ճանաչումը: Արդարեւ, զիրար ճանչնալ` կը նշանակէ զիրար յարգել ու ընդունիլ:
ե) Զիրար ճանչնալ` կը նշանակէ զիրար հանդուրժել: Քրիստոնէական հասկացողութեամբ չարը բարիին բացակայութիւնն է. ինչպէս նաեւ` անհանդուրժողութիւնը բարիին բացակայութիւնն է: Որպէսզի կարենանք յաղթահարել անհանդուրժողութիւնը, պէտք է ուրիշը ճանչնալէն անդին` յարգենք անոր ինքնութիւնը: Իրաւունք չունինք մեր արժէքները ուրիշին վրայ պարտադրելու: Ընկերութիւնը կը յառաջդիմէ ու կը ծաղկի, երբ տարբեր արժէքներ ու աւանդութիւններ ներդաշնակ երկխօսութեան մէջ ըլլան եւ ոչ թէ հակամարտութեան:
զ) Հանդուրժողութիւն` կ’ենթադրէ խաղաղ գոյակցութիւն: Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհը կրօններ, մշակոյթներ ու քաղաքակրթութիւններ մօտեցուցած է. անոնք այսօր որպէս դրացիներ կ’ապրին: Սակայն որպէս դրացի ապրիլ` կը նշանակէ զիրար ճանչնալ, յարգել ու գոյակցիլ: Յաճախ մենք ոչ միայն մեր դրացիները ճանչնալու ճիգ չենք կատարեր, այլ նաեւ անոր նկատմամբ կ’ունենանք վերապահութիւն ու նոյնիսկ` ատելութիւն: Հո՛ս է հարցը: Ուրիշը, ըլլայ ան մեզմէ հեռու մէկը կամ մեր անմիջական դրացին, պէտք չէ նկատուի անհանդուրժելի մեր կողմէ: Երբ ինձմէ տարբերը ինծի համար կը դառնայ անհանդուրժելի, այս մտայնութիւնը դուռ կը բանայ բեւեռացումի ու տագնապի: Նման պարագաներ ու կացութիւններ ներկայ աշխարհին մէջ սկսած են դառնալ յաճախակի:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը դարձեալ յիշեցուց, որ մարդկութեան տարբերութիւնները աստուածատուր են: Մարդը կոչուած է հաւատարիմ ըլլալու Աստուծոյ պարգեւին ու կամքին` ներդաշնակ համակեցութիւն մը ստեղծելով իրարու հետ:

