«Իտալիոյ Հայ Իրականութիւնը» (1915-2000)

ՄԻՆԱՍ ԼՈՒՌԵԱՆ

image001-(1)Քանի մը օրէ ի վեր Իտալիոյ գրախանութներուն մէջ սկսած է շրջիլ Իտալիոյ հայ համայնքի 20-րդ դարու պատմութեան յատկացուած շահեկան եւ փաստագրական ճոխ նիւթ պարունակող հատոր մը` Յակոբիկ Մանուկեանի(*) հեղինակութեամբ: Գիրքին հրատարակիչն է Իտալիոյ հանրածանօթ եւ վերջին 10-15 տարիներու ընթացքին Հայկական հարցին ու ժամանակակից պատմութեան յատկացուած տասնեակ հատորներ հրապարակող «Կուէրինի է Ասոչիաթի» հաստատութիւնը:

Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք խմբագրութեան` գիրքին նկարագրական համառօտագրութիւնը:

Սոյն հրատարակութիւնը Իտալիոյ Հայոց միութեան վարչութեան փափաքով է, որ լոյս կը տեսնէ, իր իսկ ծնունդի` 1915-ի Եղեռնին զուգադիպող խորհրդանշական տարուան ու կազմաւորումի պարագաներուն քննական պատում մը կատարելու:

Աշխատասիրութիւնը իր ընտրած փաստագրական ոճի ուղեգիծով, ինչպէս նաեւ հեղինակին ընկերաբան մը ըլլալու հանգամանքին բերումով կը խուսափի որեւէ սրբախօսական շեշտէ եւ չի ծածկեր պատմական բարդ ժամանակամիջոցներուն գաղութի պատասխանատու անձնաւորութեանց կիրարկած փոխզիջումնային երբեմնի հակասական կամ երկսայրի «քաղաքականութիւնը»: Նախնական գաղութային փոքր կորիզի աստիճանական կազմաւորումը` այլազան նախաձեռնութիւններու եւ ընկերակցութիւններու բազմատարր յօդաւորումը, սոյն աշխատանքի հորիզոնները ընդլայնեցին` վերածելով զայն ընդարձակ որմնանկարի մը, որ երկու ուղղութեամբ կը զարգանայ: Առաջինը կ՛ուսումնասիրէ, թէ ինչպէ՛ս գաղթական հայերը սկսան հետզհետէ համալրուիլ տեղացի բնակչութեան, համապատասխան ինչպիսի՞ ռազմավարութիւններ մշակեցին երկրի քաղաքական տարբեր իրավիճակներուն, ի՞նչ ձեւ կամ միջոց կիրարկելով` իրենք զիրենք դրսեւորեցին իրենց ինքնութիւնը փաստելու, ճանչցուելու եւ ընդունուելու, ինչպէ՞ս կրցան կապը չխզել անցեալի արմատներուն հետ` ստեղծելով հանդերձ ինքնուրոյն կազմակերպչական եւ խորհրդանշական հողային նոր միջավայր:

Զուգահեռաբար եւ գրեթէ հայելական երկրորդ զարգացումի քննարկումը, թէ ինչպէ՛ս իտալացի միջավայրը եւ յատկապէս ընկերային, քաղաքական եւ մշակոյթի որոշ ընտրանի խաւեր փոխազդեցութեան գործօն կապեր հաստատեցին նորակազմ այս «օտար» տարրին հետ` փորձելով հետախուզել, յայտնաբերել, ճանչնալ եւ արժեւորել այս վերջինին կրած կամ ժառանգած մշակոյթը:

Իտալիա քիչ թէ շատ երկար ժամանակէ կայք հաստատած հայերուն, ինչպէս նաեւ միայն հայ անուն կրողներուն կամ իրենց արմատները հինէն կորսնցուցած ծագումով հայերուն այս պատումը թոյլ կու տայ վերակերտելու յիշողութիւն մը, վերակազմելու դէպքերու շարք մը, որոնք կ՛իմաստաւորեն գաղութապատկան վայրերու, հաստատութիւններու կամ մշակութային ու ընկերային ճանաչումի իրականութիւնը:

Իսկ օտար ընթերցողներուն այս գիրքը որոշ խորհրդածութիւններու առիթ կ՛ընծայէ. թէ ինչպէ՛ս օրինակ, փախստականներու եւ ապա` ներգաղթի համայնք մը կրցած է ինքզինք կազմակերպելով` իր իսկ անդամներուն վրայ ընկերային վերահսկումի աշխատանք վարել, եւ ինչպէ՞ս, օրինակ, Իտալիոյ ընկերային միջավայրի ներկայացուցիչներ կրցած են իրենց կարգին տեղ բանալ ու տրամադրել մշակութային այլ իրականութեան մը, արժէքներու փոխանակութիւն կիրարկել մինչեւ այդ անծանօթ պատմութեան, լեզուի եւ աւանդութեան տէր ինքնութեան մը հետ:

Տրուած ըլլալով, որ ընդհանրապէս Իտալիոյ 20-րդ դարու հայ փոքրաթիւ եւ սակայն մշակոյթի, արուեստի ու հրատարակչական, կրթական, հայագիտական ու մասնագիտական ասպարէզի եզակի կենսունակութիւն դրսեւորող համայնքի իրականութեան անհաղորդ եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ Իտալիայէն դուրս ապրող համայն հայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, պարզապէս լեզուի անմատչելիութեան պատճառով, առաւել եւս նկատի առնելով հեղինակի մասնագիտութիւնն ու լուսամիտ մտաւորականի ղեկավար տարր հանդիսացած ըլլալու հանգամանքը, մեզ կը քաջալերէ պարբերաբար եւ թարգմանաբար հայալեզու ընթերցող հանրութեան ներկայացնել գիրքին ամբողջական բովանդակութիւնը, անշուշտ եթէ մեր ժամանակը ներէ, Եւրոպայի միակ հայատառ արեւմտահայ միտքի բեմ հանդիսացող «Նոր Յառաջ» թերթի կամ ընդհանրապէս հայ մամուլի էջերէն: Այդ կրնայ ցարդ չուսումնասիրուած հետաքրքրական զուգահեռներու կամ համեմատական քննարկումներու առիթ հանդիսանալ զանազան գաղութային իրականութիւններու աստիճանական կազմաւորումին եւ ինքնաբերաբար անդրադառնալ կրկնուող սխալներու կամ ուրախալի յաջող զուգադիպութիւններու:

ՄԻՆԱՍ ԼՈՒՌԵԱՆ
Վենետիկի Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան
եւ վաւերագրումի կեդրոնի գործադիր տնօրէն,
Իտալիոյ Հայոց միութեան վարչական խորհուրդի անդամ

 

————————–

(*) Յակոբիկ Մանուկեան ծնած է 1938-ին, Իտալիոյ հիւսիսը գտնուող Քոմօ քաղաքը, իտալացի մօր եւ Ատանայի ջարդերէն վերապրած ու 1925-ին Իտալիա հաստատուած հայ հօր կողմէ: Մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ ու ընկերաբան` ընկերաբանութիւն դասաւանդած է Թրենթոյի ու Միլանոյի համալսարաններուն մէջ եւ երկար տարիներ վարիչը եղած է ճարտարարուեստական կարեւոր հաստատութեան մը: Ընտանեկան կառոյցներու, քաղաքական մասնակցութեան եւ գործարանային կազմակերպչական հարցերու վերաբերող բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ կամ խմբային աշխատանքի վարիչ եղած է: Առաջատար դերակատարներէն է Իտալիոյ հայ գաղութային կեանքի` երկար տարիներ նախագահած ըլլալով Իտալիոյ Հայոց միութեան (որ 1955-ի հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով ընդունուած է որպէս համայնքի ներկայացուցչական բարոյական հիմնարկ), որուն ցկեանս պատուոյ նախագահ կոչուած է: Հիմնադիր բարերար անդամ ու նախագահն է նաեւ ՕԷՄՄԷ հրատարակչատան եւ Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնին:

 

Share this Article
CATEGORIES