ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՑՈՅՑԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼԷ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը զգուշացուց, որ իր կառավարութիւնը օտար ցուցարարներու դէմ կտրուկ քայլերու պիտի դիմէ: Ան ըսաւ, որ բարեփոխումներու հասնելու միջոցը երկխօսութիւնն է եւ ոչ թէ ցոյցերը:
Վերջերս երկրին արեւելեան շրջաններուն մէջ փոքր ծաւալի ցոյցեր տեղի ունեցան: Կառավարութիւնը օտարահպատակ շիիներ կ՛ամբաստանէ երկրին մէջ ցոյցեր գրգռելու յանցանքով: Սէուտական Արաբիոյ շիի փոքրամասնութենէն գործիչներ համացանցով կոչ ուղղած են ուրբաթ օր «Զայրոյթի օր» կազմակերպելու:
Սէուտ Ֆայսալ իշխանը յայտարարեց, որ իր վարչակարգը «պիտի կտրէ վարչակարգին դէմ բարձրացող որեւէ մատ»: Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը վերջերս արգիլեց հաւաքները` յայտնելով, որ անոնք իսլամական օրէնքներուն եւ արժէքներուն կը հակասեն:
CATEGORIES Միջազգային

