ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ 13 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ
Ապահովական աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, որ Գահիրէի մէջ իսլամ ամբոխի մը եւ քրիստոնեայ ցուցարարներու միջեւ բախումները պատճառած են 13 զոհ եւ շուրջ 140 վիրաւոր: Քրիստոնեաները ցոյց կը կատարէին բողոքելու համար եկեղեցիի մը հրկիզումին դէմ: Իսլամները եկեղեցին հրկիզած էին իսլամի մը եւ քրիստոնեայի մը միջեւ սիրային արկածախնդրութեան մը պատճառով անոնց ընտանիքներուն միջեւ ծայր առած վէճին ստեղծած լարուածութեան մթնոլորտին մէջ:
Պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ արձանագրուած 13 զոհերը փամփուշտ ստացած են:
Քրիստոնեայ ցուցարարները երեքշաբթի օր կարեւոր մայրուղի մը փակած էին` հրկիզելով անիւներ եւ քարկոծելով ինքնաշարժներ: Զայրացած իսլամ ամբոխ մը յարձակում գործած էր քրիստոնեայ ցուցարարներուն դէմ եւ երկու կողմերը շուրջ չորս ժամ տեւողութեամբ բուռն բախում մը ունեցած էին:
Անջատ դէպքի մը ընթացքին` առնուազն երկու անձեր վիրաւորուեցան, երբ Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ հակառակորդ կողմեր զիրար քարկոծեցին: Բախումը տեղի ունեցաւ Ազատագրութեան հրապարակին վրայ նստացոյց կատարող երիտասարդներու եւ հրապարակին վրայ անոնց յարատեւ ներկայութենէն նեղացած եւ զանոնք այդ վայրէն հեռացնել փորձողներու միջեւ: