ԼԻՊԻԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐ ՄԸ ԵԳԻՊՏՈՍ ՄԵԿՆԵԼՈՎ ՔԱԶԶԱՖԻԷՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑԷ

Լիպիացի ըմբոստներու խումբ մը

Լիպիական բանակի բարձրաստիճան անդամ մը երէկ Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիին պատկանող օդանաւով մը Գահիրէ մեկնեցաւ` Քազզաֆիէն պատգամ մը փոխանցելու համար Եգիպտոսի իշխող զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդին:

Լիպիական բանակի գումակային ուժերու հրամանատար զօր. Ապտուլ Ռահման պըն Ալի Սայիտ Զաուի խնդրած է զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդին հետ հանդիպում մը ունենալ:

Նախագահ Պարաք Օպամայի բարձրաստիճան խորհրդականները երէկ հանդիպում մը ունեցան քննարկելու համար, թէ բռնարարքները դադրեցնելու համար Քազզաֆիի վրայ ճնշում բանեցնելու եւ զինք իշխանութենէն հեռանալու մղելու համար ո՛ր քայլերը կրնան իրապաշտ եւ կարելի ըլլալ: Քննարկուող կարելիութիւններէն մէկն է Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի մը ստեղծումը եւ զինուորական հաւանական այլ քայլեր: Բրիտանիա եւ Ֆրանսա աշխատանք կը տանին, որ ՄԱԿ Լիպիոյ վերեւ այդպիսի գօտի մը ստեղծէ:

Մինչ այդ, Լիպիոյ մէջ հակառակորդ կողմերը քարիւղի արտածման Ռաս Լանուֆ քաղաքէն շուրջ 20 քիլոմեթր արեւմուտք հրետանիով եւ հրթիռներով զիրար ռմբակոծեցին, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերը աւելի մօտ են քաղաքին, քան նախապէս կը կարծուէր: Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերուն պատկանող ռմբաձիգներ ռմբակոծեցին քաղաքը, ինչպէս նաեւ Պին Ժաուատ քաղաքը:

Մոամմար Քազզաֆի թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիպիացի ժողովուրդը դէմ պիտի դնէ Արեւմուտքին կողմէ հաստատուելիք թռիչքներու արգիլեալ գօտիին: Ան նշեց, որ այդպիսի քայլ մը ցոյց պիտի տայ, թէ Արեւմուտքին իսկական նպատակը երկրին քարիւղի հարստութեան տիրելը եւ լիպիացիներու ազատութիւնները խլելն է: «Այդպիսի կացութիւն մը օգտակար պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES