Յարութիւն Մաղաքեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով
Ասկէ քառասուն օրեր առաջ իր աչքերը առյաւէտ փակեց Յարութիւն Մաղաքեանը, որ կարճ հիւանդութեան պատճառով որոշ հանգրուանի մը ծառայեց անկողինին:
Ան չէր համոզուած իր վիճակով, չէր վարժուած անգործ նստիլ, ամէն առիթի գիրք կը կարդար, նոր միտքեր կ՛որոնէր, որպէսզի օգտակար դառնայ եւ տեղեկութիւն փոխանցէ իր սիրելի գործընկերներուն` Ուրֆայի հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամներուն:
Քառասուն օրեր առաջ հեռացաւ մեզմէ այն մարդը, որ քառասուն տարի ծառայած էր միութեան եւ արժանացած ոսկի մետալի, եղած էր ընկերային յանձնախումբի անդամ, ապա երիտասարդական վարչութեան անդամ, վարչական եւ վերջապէս Միութեան ատենապետ: Տարիքի եւ աշխուժ գործունէութեան բերումով կը ճանչնար բոլոր հայրենակիցները, կը ճանչնար ուրֆացին, կարմուճցին, այլ գիւղերէ եղած Ուրֆայի շրջանի մէջ եղող հայրենակիցները կը պրպտէր հոս ու հոն շրջանի հեռացած կամ քաղաքէ դուրս ճամբորդած ուրֆացիները, որպէսզի միութենական, հայրենակցական կապը ամուր պահէ:
Աշխատասէր, մարդասէր եւ հայրենասէր մարդ էր, ունէր միտում օգտակար դառնալու ուրֆացի սաներու, չքաւոր ընտանիքներու, հանդիպումներ կը կայացնէր հայրենակիցներու հետ, անոնց հետ կապը չկորսնցնելու համար, իր զաւակներուն պէս կը գուրգուրար բոլորին, ամէն անձ, որ կը ճանչնար զինք, մեծ յարգանքով կը մօտենար իրեն: Բոլորին կողմէ սիրուած, յարգուած անձնաւորութիւն մըն էր, դժբախտաբար վերջին երեք տարիներուն վարչութենէն հեռանալով մեկուսացած էր իր տան մէջ, եւ միշտ հեռախօսով իր մտածումներն ու գաղափարները կը փոխանցէր:
Բայց եւ այնպէս կեանքը երբեմն ապերախտ է, չարն ու բարին չի կրնար զանազանել ու բոլորին ցաւատանջ հիւանդութիւն կու տայ, ինչպէս եղաւ Յարութիւն Մաղաքեանի (Արուշին) պարագան վերջին երեք ամիսներուն, երբ ապրեցաւ անբաղձալի, ցաւալի օրեր:
Միշտ ներկայ էր ամէն ձեռնարկներու, ուրախ կամ ցաւալի` օրինակ դառնալով նոր սերունդին:
Ուրֆայի հայրենակցական միութեան անունով, յատուկ ցաւակցութիւն կը յայտնենք իր ընտանիքին եւ մեր հայրենակիցներուն: Իր կորուստով կորսնցուցած կ՛ըլլանք միութեան նեցուկ կանգնող սիւներէն, մեր կարգին կ՛ըսենք` Ուրֆայի բարբառով. «Խուղը թեթեւ գայ վրէդ, Աստուած հոգուդ ճրագը միշտ վառ պիէ»:
ՈՒՐՖԱՅԻ ՀԱՅՐ. ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Գ. Ն.

