Ոչ Եւս Է Բարի, Ազնիւ, Հայրենասէր Եւ Ծառայասէր Սարգիս Շահէ Փանոսեանը

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Sarkis-Shahe-PanossianԸնդունուած է այն համոզումը, թէ դժբախտ լուրը կայծակի արագութեամբ կը տարածուի: Այդպէս եղաւ նաեւ Սարգիս Շահէ Փանոսեանի մահուան գոյժը, որ հեռաւոր Շուէտէն կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ իր ծննդավայր Այնճարի մէջ:

Ցնցուեցան բոլոր զինք ճանչցողները: Մարդիկ չէին կրնար հաւատալ, թէ առոյգ, բարեհամբոյր, շէն բնաւորութեան տէր Սարգիսը անդարձ մեկնած էր այս աշխարհէն:

Ճիշդ է, որ ան  երկար ժամանակէ ի վեր Լիբանան չէր ապրեր, սակայն ան կապը չէր կտրած գաղութին հետ:

Պարբերական այցելութիւններով կապը պահած էր նաեւ իր հարազատ գիւղին հետ: Միայն զուգադիպութիւն չէր  իր ժամանումը Այնճար, Մուսա լերան հերոսամարտի 95-ամեակի ձեռնարկներուն մասնակցելու  համար: Ան միացաւ նաեւ դէպի Մուսա լեռ մեկնող ուխտաւորներուն. գնաց իր հայրենի գիւղը տեսնելու, մայր հողին ուժը զգալու իր ոտքին տակ:

Ծնած էր Այնճար 1952-ին, երբ աղքատութիւնը համատարած էր, եւ մարդոց կեանքը խիստ դժուար: Բազմանդամ ընտանիքի զաւակ, ուսման ծարաւ իր հոգին զինք մղած էր  ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան»  վարժարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած էր  փայլուն յաջողութեամբ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը զինք տարած էր Շուէտ, ուր ուսումը կրցած էր  շարունակել` աւարտելով  ճարտարապետութեան մասնագիտութիւն:

Կազմած էր իր հայկական ընտանիքը Քնար Թարխանեանին հետ եւ բախտաւորուած երեք զաւակներով` Հրայր, Լորի եւ Կարինէ:

Երիտասարդ տարիքէն մաս կազմած էր ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն` ճիգ  չխնայելով ամէն ձեւով օգտակար հանդիսանալու իր ժողովուրդին: Ջերմ կապեր հաստատած էր Շուէտի ընկերվարական կուսակցութեանց պատասխանատուներուն հետ, անոնց ծանօթացնելով մեր Դատը եւ լիբանանահայ գաղութը:

Կրցած էր ջերմ կապեր հաստատել Շուէտի պետական ներկայացուցիչներուն հետ եւ յաջողած էր բժշկական օժանդակութիւն ապահովել ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղին:

Սարգիսը, հակառակ իր դժուար կեանքի պարագաներուն, յաջողած էր իր անձնական գործը ստեղծել` սիրուելով բոլորին կողմէ եւ արժանանալով անոնց յարգանքին:

Իսկ հիմա, երբ հասած էր ժամանակը իր աշխատանքին արդիւնքով ուրախանալու, դժբախտաբար անժամանակ մահը զինք կը հեռացնէ իր հարազատներէն, իր ընկերներէն եւ հայրենակիցներէն:

Կորուստ է Սարգիսին մահը մեր ժողովուրդին համար: Ոչ եւս է բարի, ազնիւ, հայրենասէր եւ ծառայասէր Սարգիս Շահէ Փանոսեանը:

Յարգանք իր յիշատակին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES