Համազգայինի «Գայեանէ» Պարարուեստի Դպրոցին Տարեկան Ելոյթը Պսակուեցաւ Մեծ Յաջողութեամբ

H9may-(721)-copyԿազմակերպութեամբ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Շահէ Արա Երեւանեանի, երէկ` ուրբաթ, 9 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» հանդիսասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցը, պարուսոյց եւ գեղարուեստական պատասխանատու` Պետրոս եւ Անահիտ Կարապետեան ամոլ:

Յայտագիրը, որ բաժնուած էր 2 մասի կը բովանդակէր ազգագրական, հայրենասիրական, ժողովրդական, օտար եւ այլ պարեր:

H9may-(26)-copyԱրդարեւ, 12 խումբերու բաժնուած «Գայեանէ» պարի դպրոցի 209 աշակերտները մեկնաբանեցին «Թող արեւ լինի», «Զանգեզուրի», «Հայ ենք մենք», «Կռունկներ», «Կատրիլ», «Սարի ճամբով», «Արցախ», «Իմ անուշ տաւիղ», «Երեւան ջան», «Եաման եար», «Հայրենասիրական պար», «Հովիւներու պար», «Փափուրի», Անուրջներ», «Ազգագրական պար», «Էլեգիա», «Սիրթաքի», «Գարուն Երեւան», «Հայաստանը դու ես», «Վարդագոյն աղջիկներու պար» եւ «Մենք ենք» պարերը:

H9may-(184)-copyԱրդարեւ, Պետրոս եւ Անահիտ Կարապետեաններու հսկողութեան ներքեւ «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի աշակերտները յաջողապէս կատարեցին 21 պարերը, որոնց յաւելեալ փայլք տուած էին տարազներու այլազանութիւնը, նրբաճաշակ ձեւերը եւ գոյները:

Յայտնենք, որ ելոյթները կը շարունակուին նաեւ այսօր` շաբաթ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին եւ վաղը` կիրակի, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, նոյն վայրին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES