Փենթակոն Յայտարարած Է Ամբողջ Աշխարհի Մէջ Իր Զինուորական Ներկայութիւնը Աւելցնելու Ծրագիրներուն Մասին

Չաք Հէյկըլ
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարած է, որ Փենթակոն մտադիր է ամրապնդել ամբողջ աշխարհի մէջ իր զինուորական ներկայութիւնն ու աշխուժացնել պաշտպանական համագործակցութիւնը դաշնակիցներուն հետ:
«Այսօր ամերիկացի զինուորականները կը գտնուին շուրջ հարիւր երկիրներու մէջ, ատիկա ամբողջ աշխարհի մէջ շուրջ 400 հազար մարդ է… Մեր պիւտճէի նախագիծը եւ պաշտպանական ռազմավարութիւնը յստակ կը հասկցնեն, որ հակառակ անոր որ մենք կը կրճատենք զինեալ ուժերը, մենք պէտք չէ ուղղակի վերադառնանք ռազմակայան: Մենք պէտք է շարունակենք ուժեղացնել դաշնակիցներու կարելիութիւնները, ձեւաւորենք նոր դաշինքներ եւ ամրապնդենք հիները», ըսած է Հէյկըլ` խօսք արտասանելով Շիքակոյի մէջ միջազգային յարաբերութիւններու հարցերով խորհրդաժողովի ընթացքին:
Ըստ անոր, ուշադրութեան կեդրոնը այժմ կը շեղի Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս շրջանին ուղղութեամբ, սակայն կարեւոր են նաեւ միւս շրջանները:

