Պոլսոյ Հնագոյն Բիւզանդական Եկեղեցին Վերակառուցած Են` Զայն Վերածելով Բնակելի Տան

0905VefaՌուսական News.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Վեֆա թաղամասին մէջ գտնուող հնագոյն բիւզանդական եկեղեցին, որ հետագային թուրքերը վերածած էին մզկիթի, զոհ գացած է իշխանութիւններուն մէկ որոշումին. անոնք հրաժարած են պահպանել հին քաղաքի տարածքին մէջ տեղակայուած շինութիւնը: Միջնադարեան համալիրը անճանաչելիօրէն վերակառուցուած է այնտեղ ապաստան գտած ընտանիքներու ձեռքով:

Բիւզանդական կառոյցը, որ ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ, գործնականին մէջ դադրած է գոյութիւն ունենալէ, հակառակ զայն վերականգնելու նախաձեռնութեան, որուն դիմուած էր 2010-ին:

Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» օրաթերթը` յղում կատարելով թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ հնագոյն վանական համալիրի տարածքին մէջ բնակութիւն հաստատած մարդիկ կառոյցի ներքին մասը յարմարցուցած են իրենց բնակարանային կենցաղին, որուն պատճառով ջնջուած են շինութեան պատմական տարրերը:

Ճարտարապետական զարդանախշերը պատուած են ծեփամածիկ նիւթով, ներկով կամ գորգերով: Նախապէս հոգեւորականներու համար իբրեւ աւանդատուն ծառայած տարածքը պատուած է սերամիքէ սալիկներով եւ «վերածուած» արտաքնոցի:

Ուղղափառ եկեղեցին կառուցուած է 800 տարի առաջ` Բիւզանդիոնի կայսրին կողմէ: Կոստանդնուպոլսոյ գրաւման ժամանակ անիկա վերածուած է մզկիթի` վերանուանուելով սուլթանի դայեակ մոլլա Կիւրանիի անունով:

Share this Article
CATEGORIES