Թուրքիոյ Մէջ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը 6 մայիսին հրապարակած է 30 մարտին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքները, ըստ որոնց, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 43.13 առ հարիւրը:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 26.45 առ հարիւրը, իսկ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը` 17.76 առ հարիւրը: Այս տուեալները կը ներկայացնեն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներու պաշտօնին առաջադրուած թեկնածուներուն համար տրուած ձայներուն տեղաբաշխումը:

Ընտրութիւններու արդիւնքներուն հաշուարկը 36 օր տեւած է, ինչ որ Թուրքիոյ համար ամէնէն երկար ժամկէտը եղած է պաշտօնական տուեալներու արձանագրման համար: 30 մարտի ընտրութիւններուն մասնակցած է աւելի քան 43.5 միլիոն քաղաքացի, ինչ որ կազմած է մասնակցութեան 89 առ հարիւրի համեմատութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES