Սուրիոյ Մէջ Ազրպէյճանցի Ժիհատականներու Գոյութիւնը Կը Մտահոգէ Պաքուն
Ազրպէյճանական «Էյ.Էն.Էս.» պատկերասփիւռի կայանը ցուցադրած է վաւերագրական ժապաւէն մը, որուն մէջ Սուրիոյ մէջ կառավարական ուժերու դէմ կռուող Ազրպէյճանի քաղաքացի մը կը կտրէ իր զոհին գլուխը: Կայանը կը նշէ. «Միայն մեր քաղաքացի ազրպէյճանցիները Սուրիոյ մէջ մարդոց գլուխները կը կտրեն: Արդէն համացանցին վրայ տարածուած են Սուրիոյ կառավարական ուժերու դէմ կռուող Ազրպէյճանի քաղաքացիներու կատարած սարսափելի սպանութիւններուն եւ գազանութիւններուն մասին պատմող տեսանիւթեր: Տեսանիւթերուն մէջ ազրպէյճանցի մարտիկները գազանաբար կը կտրեն իրենց թշնամի կրօնական խմբաւորումի անդամի մը գլուխը»:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ նշեալ պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Ազրպէյճանի խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ Զահիտ Օրուճ յայտնած է, որ գաղափարական հրահանգներ ստացած այդ անձերուն գործողութիւնները յետոյ կրնան շրջուիլ Ազրպէյճանի դէմ, եւ ասոր համար պատկան կառոյցները պէտք է շօշափելի միջոցառումներու ձեռնարկեն: Ան նշած է, որ ազրպէյճանական օրէնսդրութիւնը խստացուած է, եւ Սուրիոյ մարտերուն մասնակցելու մեկնած Ազրպէյճանի քաղաքացիներուն նկատմամբ 8-15 տարուան բանտարկութեան պատիժներ կը նախատեսուին:
Ազրպէյճանի մէջ մինչեւ հիմա Սուրիոյ մարտերուն մասնակցած ընդամէնը մէկ քաղաքացի ձերբակալուած է` Կապալայի շրջանի բնակիչ 25- ամեայ Ահմետ Հասանովը:
Թուրքիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը հաստատած է ազրպէյճանցի ժիհատականներու` Թուրքիոյ տարածքով Սուրիա մուտք գործելու փաստը:

