Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի Իսրայէլի Ընդդիմութեան Ղեկավարը Հանդիպում Ունեցած Է Սուրիական Ընդդիմութենէն Ղեկավարներու Հետ

Եիցհաք Հերցոք
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Եիցհաք Հերցոք հինգշաբթի օր Պերլինի մէջ հանդիպում ունեցած է սուրիական ընդդիմութենէն ղեկավարներու հետ, «որոնց հետ տարիներէ ի վեր կապի մէջ էր»: Վերջիններս անոր ներկայացուցած են սուրիական ընդդիմադիր զինեալներու հեռացումէն եւ քաղաքին վրայ կառավարական ուժերու վերահսկողութեան հաստատումէն ետք Հոմսի մէջ տիրող դժուար կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս Սուրիոյ մէջ տիրող մարդասիրական դժուար կացութիւնը:
Ընդդիմադիր ղեկավարները Հոմսի վրայ Սուրիոյ բանակին վերահսկողութիւն հաստատելը Իրանի ձեռքբերումը նկատած են:
Հերցոք իր կարգին յայտնած է. «Պէտք չէ լուր մնալ ի տես Սուրիոյ մէջ Իրան-Հըզպալլա առանցքին վարմունքին, այդ առանցքը կը վարուի կարծես իր երկրին մէջ է եւ կը սպաննէ հազարաւոր քաղաքայիններ` ամբողջ Միջին Արեւելքի կայունութիւնը քայքայելու համար»:

