«Թուրքիա Եւ Իսրայէլ Իրենց Միջեւ Գտնուող Հարցերը Նկատառելի Կերպով Յաղթահարած Են» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

0905DavutogluԹուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ «Մաւի Մարմարա»-ի հարցով Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ փոխհատուցման շուրջ բանակցութիւնները «որոշ մակարդակի» մը հասած են եւ «հարցերը նկատառելի կերպով յաղթահարուած են»:

«Մեր պաշտօնակիցները բանակցութիւնները կը շարունակեն: Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ մենք դրական զարգացումներ տեսած ենք», ըսաւ ան:

Տաւութօղլու նշեց Իսրայէլի հետ յարաբերութեանց վերականգնման համար Թուրքիոյ նախապայմանները` «սահմանափակումները վերցնել ամբողջ Պաղեստինէն, ներառեալ` Կազայէն», 2010-ի «Մաւի Մարմարա»-ի դէպքին համար ներումի հայցում եւ դէպքի զոհերուն համար փոխհատուցում: «Ներումի հայցումը կատարուած է, եւ փոխհատուցման շուրջ բանակցութիւնները որոշ մակարդակի մը հասած են», ըսաւ ան` մերժելով փոխհատուցման ճշգրիտ գումարին մասին մեկնաբանութիւն կատարել: Ան աւելցուց, որ կողմերը համաձայնութեան մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարեն, երբ հոլովոյթը ամբողջանայ:

«Կը յուսանք, որ (այս հարցը) կարելի եղածին չափ շուտ լուծուի` Թուրքիոյ ընդգծած շրջագիծի սկզբունքին հիմամբ», ըսաւ Տաւութօղլու:

Share this Article
CATEGORIES