Փութին Այցելեց Խրիմ

Փութին եւ Մետվետեւ

Փութին եւ Մետվետեւ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 1945-ին Նացիներուն դէմ Խորհրդային Միութեան արձանագրած յաղթանակի տօնին առիթով այցելեց Խրիմ:

Նախքան Խրիմ այցելելը, ան Մոսկուայի Կարմիր հրապարակին վրայ տեղի ունեցած տօնակատարութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, որ Մայիս 9-ը Ռուսիոյ մէջ «թախիծի եւ յաւիտենական յիշողութեան օր» մըն է` շեշտելով, որ «խորհրդային ժողովուրդի երկաթեայ կամքը» Եւրոպան ստրկութենէ փրկեց:

Ռուսական պետական պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Կարմիր հրապարակին վրայ տեղի ունեցած տողանցքը վերջին 20 տարուան ընթացքին մեծագոյնն էր:

Յիշեցնենք, որ արեւելեան եւ հարաւային Ուքրանիոյ մէջ ռուսամէտներ յայտարարեցին, որ Ուքրանիայէն անջատման շուրջ վաղը նախատեսուած հանրաքուէն ի զօրու կը մնայ: Փութին վերջերս անոնց կոչ ուղղած էր երկխօսութեան առիթ ընծայելու համար հանրաքուէն յետաձգելու:

Մինչ այդ, Մարիուփոլի մէջ ուքրանական բանակին եւ ռուսամէտ զինեալներու միջեւ փոխադարձ հրացանաձգութեան մը պատճառով զոհեր արձանագրուեցան:

 

Share this Article
CATEGORIES