Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը երէկ ներխուժած է Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն, ուր գրաւած է զէնքի պահեստանոցներ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին նախքան 25 մայիսը ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ հարաւային արուարձաններէն Հայ Սըլլոմի մէջ արձանագրուեցաւ զոհ մը` Մոհամետ Աժամի, իբրեւ հետեւանք նիւթական անձնական բանավէճի մը:

ՍԱՅՏԱՅԻ Քուտս մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Երուսաղէմ այցելութիւնը երբեք սովորական աչքով պիտի չդիտուի:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց խորհրդակցելու եւ գործակցելու` դուրս գալու համար նախագահական ընտրութեան տագնապէն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը ողջունեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին կողմէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն ուղղուած կոչը` իրենց խոստումներուն յանձնառու մնալու առումով:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ փորձարկումները փաստած են, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման իր իմաստութեամբ իսկական պետական այր է:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոնի որոշումով 15 եւ 18 մայիսին Լիբանանի ազգային թանգարան այցելութիւնը ձրի պիտի ըլլայ` Թանգարանի միջազգային օրուան առիթով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ Սուրիոյ Հոմս քաղաքէն զինեալներուն դուրս գալը սուրիական «յեղափոխութեան» աւարտը պէտք է նկատել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ յայտնեց, որ Հըզպալլա պէտք է ուղղուի խորհրդարան եւ ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահ մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ ոմանք հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին հետ կը վարուին իբրեւ լուսանցքայնացած եւ աննշան պաշտօն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի նշեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ նախագահական ընտրութեան յստակ թեկնածու չյայտարարելը անոնց վրայ պարտք կը նկատուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ շեշտեց, որ ժողովրդավարութեան սկզբունքը համախոհութեան գոյացում չ՛ենթադրեր` աւելցնելով, որ կայ քաղաքական ուժ մը, որ կը փափաքի անիշխանութեան պարտադրումը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի շեշտեց, որ համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն բացի ոչ ոք կրնայ երկիրը փրկել, իսկ պայքարը զօր. Աունի եւ բոլոր այլոց միջեւ է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանցի նախարարներէ, յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան պահպանումին մասին արաբական եւ միջազգային յանձնառութիւն կայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը իսկական առիթ մըն է` ազգային շահեր իրականացնելու:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը շրջանային հարց մըն է, որ միջազգային իրականութեան վտանգ կը սպառնայ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի բոլոր անոնց, որոնք արդար իրաւունքներ ունին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ մաղթեց, որ անիշխանութիւն չարձանագրուի` աւելցնելով, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը զուտ լիբանանեան որոշում է:

«ՇԱՐՔ Աուսաթ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ կրնայ քուէներուն մեծամասնութիւնը ստանալ, եթէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անոր զօրակցին:

Share this Article
CATEGORIES