Ռայի Պատրիարքը Ողջունեց Բանակին Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Ջանքերը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

Հաղորդակցութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքը ողջունեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն գործադրած ապահովական միջոցառումները` ամրապնդելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւններն ու նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ալի Շապթինին:

Քննարկուեցան աւելի քան երեսուն տարի ետք Պրիհի բնակչութեան տունդարձի ձեռնարկին կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES