«Եթէ Միջազգային Դատական Ատեանը Ինձմէ Պահանջէ Ձերբակալել Ամինն Ու Խայեաթը, Անվարան Կը Կատարեմ Այդ Պահանջը» Յայտնեց Ռիֆի

0905ashraf_RifiԱրդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ յարաբերութիւնը անհրաժեշտ է` երաշխաւորելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ մարելու սիւննի-շիի սադրանքները:

«Հըզպալլա քաղաքական հակառակորդ է եւ ոչ թէ թշնամի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ կապը ինքն է, «հակառակ այն իրականութեան, որ ներկայիս խորհրդակցութիւնները կը կատարուին ներքին գործոց նախարարութեան ճամբով»:

Ռիֆի յայտնեց, որ եթէ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը իրմէ պահանջէ ձերբակալել լրագրողներ Իպրահիմ Ամինն ու Քարմա Խայեաթը, ապա ինք անվարան պատրաստ է գործադրելու այդ պահանջը, որ արդարութեան զօրակցող քայլ կը նկատուի` ոճրագործներուն եւ զանոնք պաշտպանողներուն դէմ:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան թղթածրարին` Ռիֆի յայտնեց, որ Լիբանան անակնկալներու երկիր է եւ ինք չի զարմանար, եթէ վերջին քառորդ ժամուան ընթացքին այդ իմաստով լուծում մը գտնուի:

«Սակայն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կը մնայ այն թեկնածուն, որուն կը զօրակցիմ, որովհետեւ ան մշակած է երկիրը կառավարելու բացառիկ ծրագիր մը, ինչպէս նաեւ որոշումներ տալու ի վիճակի է», ընդգծեց Ռիֆի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES