Պըրրի Ընդունեց Իտալիոյ Ծերակոյտին Մէկ Պատուիրակութիւնը

Պըրրի` Իտալիոյ ծերակոյտի պատուիրակութեան հետ

Պըրրի` Իտալիոյ ծերակոյտի պատուիրակութեան հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի հետ` ներկայութեամբ տեղեկատուական հարցերու իր խորհրդատուին` Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնն ու Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ մնայուն կերպով գործուող իսրայէլեան ոտնձգութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Իտալիոյ Ծերակոյտի արտաքին յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` Ծերակոյտի փոխնախագահ Պիպի տի Քրիսթոֆարոյի եւ ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոյի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական մակարդակի երկկողմանի գործակցութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES