Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Զօր. Փաուլօ Սերրան

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Սերրա
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան կարեւորութիւնն ու լիբանանեան բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Նախկին երեսփոխաններու լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը: Քննարկուեցան Թաէֆի համաձայնագիրին վերաբերող շարք մը հարցեր:
CATEGORIES Լիբանանեան

