Կառավարութիւնը Կատարեց Շարք Մը Վարչական Նշանակումներ
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:45-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման Սալամի հետ ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները:
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկեց 52 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, ներառեալ` վարչական նշանակումներու շարք մը:
Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ինք հին վարձքերու մասին խորհրդարանին վաւերացուցած օրէնքը չէ ստորագրած` աւելցնելով, որ հակառակ անոր որ այդ օրէնքը երկրին սահմանադրութեան համաձայն լոյս պիտի տեսնէ պետական պաշտօնաթերթին մէջ, սակայն ինք պիտի բողոքարկէ զայն եւ պիտի պահանջէ որոշ կէտերու վերատեսութեան ենթարկումը` նկատի ունենալով, որ անիկա կրնայ խախտած ըլլալ քաղաքացիներուն միջեւ հաւասարութիւնը:
Նախագահ Սլէյման նկատել տուաւ, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին գոյացած համաձայնութիւններէն կարեւորագոյն երկուքը պէտք է նկատել Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութեան շարունակումը, ինչպէս նաեւ ընտրական առումով հաւասարութեան պահպանումը, որ հեռու կը պահէ համայնքային մտածելակերպի տէր անձերը, բայց ոչ թէ համայնքները:
Նախագահ Սլէյման ողջունեց կառավարութեան եւ նախարարներուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ դրուատեց երկրին մէջ տիրող նախագահական ընտրութեան մթնոլորտը:
Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ նիստէն ետք յայտարարեց, որ կառավարութիւնը կատարած է հետեւեալ նշանակումները.
Պետական քննիչներու կեդրոնական վարչութեան անդամ Տալալ Պարաքաթ, Վարչական գիտութեանց ազգային հիմնարկի նախագահ Ժորժ Լապաքի, Վարչական գիտութեանց ազգային հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Ժամալ Մունժետ, Գաղթականութեան սնտուկի խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Հապըր, արդարութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն դատաւոր Մայսամ Նուէյրի, Մաքսատան գերագոյն խորհուրդի նախագահ Նիզար Ալի Խալիլ, Մաքսատան գերագոյն խորհուրդի անդամներ Կապի Ֆարես եւ Ահմետ Հալապի, Մաքսատան ընդհանուր տնօրէն Շաֆիք Մերհի, առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալիա Ապպաս, աշխատանքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Եուսեֆ Նաուս, Բնակեցման հաստատութեան նախագահ Ռոնի Լահուտ, Քարիւղի հարցերու վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Օրոր Ֆղալի:
Ժրէյժ նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը որոշած է յառաջացնել նախարարական յանձնախումբ մը, որ քարահանքերուն համար ծրագիր մը մշակէ, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի վստահած է լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ գործադրուելիք ծրագիրներու եւ անոնց գործադրութեան ֆինանսաւորումը ապահովող հաւանական աղբիւրներու ցանկերը կազմելու պարտականութիւնը:

