Շապին Գարահիսարի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Պիտի Վերաբացուի

0905Sourp-AsdvadzadzinԹրքական «Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ տարածքին մէջ մնացած երկրորդ մեծագոյն վանքը նկատուող Գիրեսունի (Շապին Գարահիսար) Ս. Աստուածածին եկեղեցին պիտի վերակառուցուի եւ պիտի բացուի` զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով:

Գիրեսուն նահանգի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութիւնը լրագրողներուն տեղեկութիւն տուած է վանքի վերակառուցման աշխատանքներուն մասին:

Վերակառուցման նպատակը զայն զբօսաշրջիկներուն համար հետաքրքրական վայր դարձնելն է:

Գիրեսունի թանգարանի տնօրէն Հոլուսի Քիլեչ տեղեկացուցած է, որ Շապին Գարահիսարի մէջ վերակառուցման սպասող այլ եկեղեցիներ եւս կան:

«Վանքը կը ներկայացնենք Թուրքիոյ ճարտարագիտական շրջանակներուն: Զբօսաշրջական կեդրոնները եւ շրջապտոյտներ ղեկավարողները եւս տեղեակ պիտի պահենք, որ նահանգին մէջ այդքան կարեւոր նշանակութիւն ունեցող վանական համալիր կայ», ըսած է ան:

Share this Article
CATEGORIES