Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Գրասենեակը Արձագանգած Է Էրտողանի Ուղերձին Եւ Կոչ Ուղղած` Ցեղասպանութեան Ժխտումը Դադրեցնելու
«Հայ Թերթ»-ը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի Պոլսոյ մասնաճիւղը երկրի վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` հայերուն ուղղուած ցաւակցական ուղերձը «ցեղասպանութեան ժխտման բնագիր» որակած է:
Գրասենեակի ներկայացուցիչները մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին արձագանգած են Էրտողանի յայտարարութեան:
«1915-ին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մէջ հայերուն նկատմամբ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր», ըսած են ասուլիսին մասնակիցները եւ յայտնած, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախօրեակին «Ժխտման վերջ տալու» կոչով արշաւի մը պիտի սկսին:
Գրասենեակը կը նշէ, որ վարչապետի ուղերձին մէջ Թուրքիոյ օգտագործած լեզուն դրականօրէն փոխուած է, եւ ատիկա պայմանաւորած են ժխտման դէմ մղուող պայքարով: «Հակառակ անոր որ այս անգամ լեզուն փոխուած է, սակայն բնագիրը դարձեալ ժխտման բնագիր է», ըսած է գրասենեակին անունով խօսող Էրեն Քեսքին:
Նախաձեռնողները նշած են, որ Էրտողանի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք կառավարութեան կից պատմաբաններու յանձնախումբը 24-25 ապրիլին Վանի մէջ քննարկում կազմակերպած է «Համաշխարհային Ա. պատերազմն ու հայերը» թեմայով:
Քննարկումին ընթացքին կրկնուած է 100-ամեայ ժխտման թեզը այն մասին, որ ցեղասպանութիւնը հայերը գործած են եւ, ռուսերուն հետ համագործակցելով, թիկունքէն հարուածած են Օսմանեան կայսրութիւնը: «Այսինքն` վարչապետի ցաւակցական ուղերձին յաջորդ օրը Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերը անգամ մը եւս իբրեւ թշնամի ներկայացուած են ու մեղադրուած, իսկ ցեղասպանութիւնը ողջունուած է», ըսած են կազմակերպիչները:

