«Ուորլիքի Յայտարարութեան Նպատակը Քննարկումի Սկսիլն Էր» Կ՛ըսէ Ճոն Հեֆըրն

0905Ambassador-John-HeffernՅաղթանակի այգիին մէջ 9 մայիսի տօնական ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն: «Երկիր»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Հեֆըրն անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի վերջին յայտարարութեան` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիներուն վերաբերեալ: Դեսպանը նախ վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան այդ պաշտօնական դիրքորոշման հրապարակումը ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու նոր քաղաքականութեան հրապարակումն էր, այլ խաղաղութեան համաձայնագիրի կէտերուն վերաբերեալ քննարկումի սկսիլը, որպէսզի երկու երկիրներու ժողովուրդները պատրաստ ըլլան խաղաղութեան պահուան: Դեսպանը փոխանցած է, որ Ուորլիք օգտակար կը նկատէ, որ անգամ մը եւս կրկնուին այն սկզբունքները, վեց կէտերը, որոնք Մինսքի խմբակի փաստաթուղթերուն մէջ նշուած են, որպէսզի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներուն համար նորէն անոնք թարմացուին եւ քննարկումը այդ հարցով ընթանայ: Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան` բանակցութիւններուն անմիջական մաս կազմելուն մասին հարցումին, դեսպանը յայտարարեց, որ մասնակցութեան քննարկումը պէտք է երկու կողմերուն միջեւ ընթանայ, բայց ոչ մէկը կրնայ ատիկա պարտադրել:

Share this Article
CATEGORIES