50 Տարուան Ընդմիջումէ Ետք. Կիպրոսի Բռնագրաւուած Հատուածի Հայկական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Վաղը Պատարագ Պիտի Մատուցուի

0905CyprusԿիպրոսի Հայոց առաջնորդարանի Դիմատետրի էջը կը հաղորդէ, որ վաղը ժամը 12:00-ին 1963-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով Հին Նիկոսիոյ հին հայկական բաժինին մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուի:

Եկեղեցին, որ Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումին պատճառով կիպրահայ համայնքին համար անհասանելի մնացած էր, վատ վիճակի մէջ կը գտնուէր: Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան եւ ՄԱԿ-ի զարգացման գործակալութեանց, կրօնական ղեկավարներու, քաղաքական կազմակերպութեանց եւ դիւանագէտներու միացեալ ջանքերով եկեղեցին կարելի եղած էր վերանորոգել:

Մարտի սկիզբը եկեղեցւոյ վերանորոգութեան առիթով մշակութային երեկոյ մը կազմակերպուած էր:

Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ կիպրական խորհրդարանին մէջ հայերու ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան նշած է, որ կիրակի օրուան պատարագը պիտի տեւէ մէկ ժամ:

Տարբեր քաղաքներէ մեծ թիւով հայեր յունական կողմէն քալելով պիտի անցնին թրքական հատուած:

Մահտեսեան նշած է, որ կիրակնօրեայ պատարագով հետաքրքրուած են Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Սլովաքիոյ դեսպանները, կրօնական եւ քաղաքական գործիչներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES