Արցախի Մէջ. Հայաստանի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւններուն Նախագահները Մասնակցեցան Յաղթանակի Եռատօնի Տօնակատարութիւններուն
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ աշխատանքային այցելութեամբ երէկ Լեռնային Ղարաբաղ մեկնած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի 69-ամեակի, Ղարաբաղի բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 22-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներուն: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղեցին Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ Արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն:
Նախագահներ Բակօ Սահակեան եւ Սերժ Սարգսեան նաեւ այցելեցին Շուշի, ուր ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ զետեղեցին յուշարձանի պատուանդանին եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին: Այնուհետեւ նախագահները այցելեցին քաղաքին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէս-տօնավաճառը:
Շուշիի մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեան ընթացքին նախագահ Սահակեան նախագահ Սարգսեանին յանձնեց «Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մատուցած իր բացառիկ ծառայութիւններուն համար:
Ձեռնարկներուն կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնակատարներ, սփիւռքէն եւ արտերկրէն հիւրեր:

