Պլեթըր. «Կ՛ուզեմ Դարձեալ Ընտրուիլ ՖԻՖԱ-ի Նախագահ»
Իր լուրը քաղելով www.championat.com կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ժոզեֆ Պլեթըր կ՛ուզէ դարձեալ ընտրուիլ այդ պաշտօնին համար:
78 տարեկան զուիցերիացին իր այս պաշտօնը կը վարէ 1998-էն ի վեր:
Իր խօսքին մէջ Պլեթըր ըսած է. «Այո՛, ճիշդ է, որ իմ պաշտօնավարմանս ժամկէտը պիտի աւարտի, բայց իմ առաքելութիւնս ցարդ չէ աւարտած, կ՛ուզեմ դարձեալ ընտրուիլ նախագահ»:
Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ի նոր նախագահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ մայիս 2015-ին:
Պլեթըր վերջին չորս նստաշրջաններուն կը վարէ այս պաշտօնը:
CATEGORIES Մարզական

