Պլան – Սեն Ժերմեն Պայմանագրի Երկարաձգում

0905aurent blancՖրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի Սեն Ժերմեն խումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին պատասխանատուները համաձայն գտնուեցան երկարաձգելու իրենց մարզիչին` Լորան Պլանի պայմանագրութիւնը, մինչեւ 2016-ի ամառը:

«Պայմանագրութեան երկարաձգումը կը նշանակէ, որ ակումբը գոհ է արձանագրուած արդիւնքներէն, եւ իմ ու անոնց միջեւ փոխյարաբերութիւնները լաւ մակարդակի վրայ են», ըսաւ Պլան:

Նշենք, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 36-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք արդէն իսկ հանդիսացած էր ախոյեան:

 

Share this Article
CATEGORIES