«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». 39 Ինքնաշարժներ Կը Մասնակցին Վաղը Տեղի Ունենալիք Ֆալուղայի «Հիլ Քլայմպ»-ի Մրցումին
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, վաղը` կիրակի, 11 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ «Հիլ Քլայմպ»-ի 2014-ի առաջին հանգրուանի մրցումը` Ֆալուղայի շրջանին մէջ:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ մրցումին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 39 ինքնաշարժներ, ինչ որ կարելի է նկատել մեծաթիւ մասնակցութիւն մը:
Այդ 39 վարորդներուն կարգին պիտի ըլլան երկու հայեր: Կարօ Յարութիւնեան պիտի վարէ «Պի. Էմ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ 330 Սի. Այ.», մինչ Յովիկ Գարակէօզեան` «Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-9»:
Մասնակցողներուն կարգին են նաեւ Ռոժէ Ֆըղալի, Նիքոլա Ամիունի, Շաֆիք Պուլոս, Ապտօ Ֆըղալի եւ ուրիշներ:
CATEGORIES Մարզական

