Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետ Պարտադրեց Հինգերորդ Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ էյթ»-ի ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ Թրիփոլի Մութթահետ հիւրընկալեց Պիպլոսը:
Երկու կազմերուն միջեւ չորրորդ հանդիպումը աւարտեցաւ Թրիփոլիի կազմին յաղթանակով` 77-72 արդիւնքով (20-18, 32-39, 54-53 եւ 77-72):
Պիպլոսէն Ճեսմըն Եանկպըրտ նշանակեց 21 կէտ, իսկ Մութթահետէն Ռոնալտ Միւրէյ` 20 կէտ:
Մութթահետ իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, պարտադրեց հինգերորդ եւ վերջին մրցումը` նկատի ունենալով, որ այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 2-2 արդիւնքով:
Անոնց միջեւ հինգերորդ եւ վերջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը, Պիպլոսի դաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 17:45-ին:
CATEGORIES Մարզական

