Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Դպրոցականներու Համահայկական 8-րդ Ողիմպիականը

0905artzakhArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ եռօրեայ լարուած եւ անզիջող պայքարէ ետք, Արցախի մէջ վերջ գտաւ դպրոցականներու համահայկական 8-րդ ողիմպիականը:

Մրցաշարքին յաղթականը ճանչցուեցաւ Երեւանի թիւ 2 դպրոցի առաջին խումբը:

Յաջորդաբար, 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Աբովեանի թիւ 4 եւ Երեւանի թիւ 119 դպրոցներու առաջին խումբերը:

Ուշագրաւ եղաւ այն կէտը, որ համադպրոցական պայքարին մասնակցեցան 18 խումբեր` Երեւանէն, Հայաստանի բոլոր մարզերէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն:

 

Share this Article
CATEGORIES