Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատանքները կատարեցէք առանց ոեւէ մէկուն օգնութեան դիմելու: Ջանացէք ըլլալ սիրալիր ձեր գործակիցներուն հետ, որպէսզի օրուան արդիւնքը ըլլայ շահաբեր:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատոնց չտեսած ձեր մէկ բարեկամին պիտի հանդիպիք: Ան ձեզի պիտի փոխանցէ նոր տեղեկութիւններ եւ ձեզ պիտի հրաւիրէ հաճելի հաւաքոյթի մը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք աջէն ու ձախէն լսուած լուրերու, որոնք անհիմն են: Շարունակեցէք ձեր գործերը` առանց ազդուելու շրջապատի անցուդարձերէն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ձեր սպասած լուրերը ուշացած են եւ մտահոգ էք, դուք հետաքրքրուեցէք ձեր սպասման անորոշութիւնը փարատելու համար: Միշտ ուրիշէն մի՛ սպասէք, գործի անցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արուեստի գործերը պիտի հետաքրքրեն ձեզ, ներկայ պիտի ըլլաք շարժանկարի կամ թատերական ներկայացման մը: Ձեր հանդիպումները հաճելի պիտի ըլլան, հետեւաբար օրը զուարթ պիտի անցնի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
«Մէկ ձեռքով ծափ չի զարնուիր» կ՛ըսէ առածը: Եթէ ունիք պարտականութիւն մը, զոր չէք կրնար առանձին աւարտել, դիմեցէք ձեզի մօտիկ անձի մը, միասնաբար իրագործեցէք: Այսպիսով բեռ մը վար կը դնէք ձեր ուսերէն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր երազը կրնայ իրականութիւն դառնալ` առանց ոեւէ մէկուն միջամտութեան կամ բարեխօսութեան: Ձեր ջանքերը պիտի արդիւնաւորուին անպայման:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրամական հարցով մը դրամատնային գործառնութիւն մը կրնաք ունենալ: Ձեր հաշիւները յստակացուցէք, որպէսզի շփոթ մը չունենաք անիմաստ կերպով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ժամադրութիւն մը ունիք` կարեւոր հարց մը լուծելու: Ճիշդ ժամանակին ներկայ եղէք, որպէսզի ուշանալը նոր բարդութիւն մը չստեղծէ: Արթուն եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ինչ յանձնառութիւն որ ունիք, պատրաստուեցէք օր առաջ: Ոչինչ ձգեցէք պատահականութեան, որպէսզի կատարեալ ըլլայ ստանձնուած գործը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ հետապնդէք այն հարցը, զոր խոստացած են ձեզի իրագործումի մը վերաբերեալ: Համբերութեամբ աւելի շուտ կը յաջողին նման գործեր:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ճամբորդութեան մը պատրաստուելու ձեր ծրագիրը դեռ կանխահաս է: Ներկայիս կարելիութիւնը նպաստաւոր չէ, հետեւաբար յետաձգեցէք այս երազը:

