Թուային Ժամանակներու Մէջ. Ճափոնի Ապագայի Ճաշարանը` Առանց Պաշտօնեայի…

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

… ԵՒ` ՔԻՉ ՄԸ ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ: ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՒԱԿԱՆ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՎԻՃԱԿՆԵՐ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ՈՒՏԵՍՏԵՂԷՆԻ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻՆ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ ԻՆՔՆԱԳՈՐԾ ՃԱՇԱՐԱՆԻ ՄԸ «ՄՌԱՅԼ» ՀԵՌԱՆԿԱՐԸ:

Ճիշդ է` սպասեակները երբեմն կը շեղեն մեր ուշադրութիւնը, սակայն պահ մը երեւակայեցէք, թէ կ՛երթաք ճաշարան մը, ուր կարիքը չունիք հաղորդակցելու ոեւէ մէկուն հետ:

985restoԲարի եկաք ապագայի աշխարհ: Ինչպէս Թոքիոյի մէջ արհեստագիտական կատարելագործուած միջոցներով աշխատող ընկերութեան մը կողմէ հրապարակուած տեսերիզ մը կը պատկերէ, յաճախորդ մը աչքէ կ՛անցընէ ճաշացուցակ մը, կը կատարէ քանի մը ապսպրանքներ եւ հաշիւը կը վճարէ` առանց միս ու ոսկորով պաշտօնեայի մը միջամտութեան:

«Ռըքրութ թեք» ընկերութեան կայքին համաձայն, տեսերիզին մէջ պատկերուած արհեստագիտական միջոցները նորութիւն չեն, այլ արդէն գոյութիւն ունին, սակայն` նախնական վիճակի մէջ: Անոնց շարքին են Ափըլի նոր հրապարակած «Մայնորիթի ռիփորթ»-ը, որ փակ տարածքներու մէջ հետքեր փնտռող գործիք մըն է, «այ.Պիքըն»-ը, Էքս. «Պոքսի ՍմարթԿլաս»-ը, «Քինեքթ»-ը, ինչպէս նաեւ` իրականութիւնը «շեշտող» բազմաթիւ նոր արհեստագիտութիւններ:

Բաւական ցնցիչ է դիտել նմանօրինակ առանձին փորձառութիւն մը ճաշարանի մը մէջ: Սակայն հեռանկարը զարմանալի պէտք չէ թուի: Անցեալ աշնան ամերիկեան առեւտրական հրատարակութիւն մը` «Նէյշըն՛զ  Ռեսթըրընթ Նիւզ» ոչ մէկ հակազդեցութիւն ստեղծեց` եզրակացնելով, թէ համակարգչային սովորական միջոցներ «պիտի շարունակեն փոխարինել մարդոց կողմէ տրամադրուած սպասարկութիւնները, որոնք պիտի մատուցուին թուային արհեստագիտական գործիքներով»: Նոյն թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տար, թէ ինքնաշարժ քշելու ընթացքին եւ առանց ինքնաշարժէն իջնելու պատրաստ ուտելիքի ծրար մը գնելու (տրայվ թրու) յատուկ ճամբաները մինչեւ 2020 պիտի օժտուին համակարգչային բազմալեզու ծրագիրներով:

Անշուշտ այս նոր հեռանկարը հաճելի պիտի թուի անոնց, որոնք այցելած են Ճափոնի «չափազանց արդիւնաւէտ» եւ ինքնագործ սուշիի ճաշարանները, ուր պնակ մը սուշին կրնայ արժել միայն մէկ տոլար` ճաշարաններու կիրարկած խնայողական միջոցներուն իբրեւ արդիւնք:

 

Share this Article
CATEGORIES