50 Տարի Առաջ (12 Մայիս 1964)

«Գոհար Գասպարեան Կ՛Երգէ»
Եւ «Կրկէսի Ճամբան» Ժապաւէնները

Երէկուընէ ի վեր «Ռատիօ Սիթի» շարժանկարի սրահին մէջ կը ցուցադրուին հայկական երկու ժապաւէններ` գունաւոր եւ գեղարուեստական բարձր ճաշակով պատրաստուած:

Առաջինը` «Գոհար Գասպարեան կ՛երգէ», թեքնիքի եւ գեղարուեստի կատարելութիւն մըն է, ուր հռչակաւոր երգչուհին կը ներկայանայ իր յաջողագոյն կատարումներով, ինչպէս` «Կռունկ»-ը, «Անուշ»-էն հատուածներ, «Արշակ Բ.»-էն մասեր, Կունոյի «Աւէ Մարիա»-ն եւ այլն, այս բոլորը` հայաստանեան գեղեցիկ տեսարաններով:

Երկրորդը` «Կրկէսի ճամբան», զուարթ ժապաւէն մըն է, որուն մէջ կրկէսի զանազան խաղերուն  ընդելուզուած է սիրային գեղեցիկ պատմութիւն մը, եւ ցոյց կը տրուի երիտասարդի մը յամառ կամքը` կրկէսի աստղ դառնալու:

Բոլոր տարիքի հանդիսականներ կրնան մեծ հաճոյքով դիտել այս երկու ժապաւէնները, որոնք գեղարուեստական տեսակէտէն յաջողութիւն մըն են անկասկած:

Անցած չորեքշաբթի այս երկու ժապաւէնները ցուցադրուեցան մամուլի ներկայացուցիչներուն, որոնք միահամուռ կերպով արտայայտեցին իրենց գնահատանքը:

Համբարձման Տօնը Զահլէի Մէջ

Շարժումը կեանք կը ստեղծէ: Զահլէի Հայ օգնութեան խաչի վարչութիւնը մայիս 7, Համբարձման տօնին, կեանք ստեղծեց Զահլէի «Վատի Պարտոնի» սրճարանին մէջ` կազմակերպելով վիճակահանութեան շքեղ հանդէս մը: Հրաւիրած էին Լիբանանի Հայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը, Ժունիէի եւ Շթորայի վարչութիւնները:

Ժամը տասին արդէն Զահլէի անդամուհիները տեղ գրաւած էին սեղաններու շուրջ: Եղած հրաւէրին սիրով պատասխանած էին բոլոր հրաւիրեալները:

Լ. Սասունի իր ընկերուհիներով ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն: Գնահատեց վարչութեան տարած եռանդուն եւ օրինակելի աշխատանքները:

Բնութիւնը իր բացառիկ շնորհներով օժտած է այս գեղատեսիլ վայրը:

Հետզհետէ դարձեալ կը հասնին ընկերներ եւ համակիրներ իրենց ընտանիքներով` Զահլէէն եւ Շթորայէն: Կարգապահութիւնը կատարեալ է: Ստեղծուած է խանդավառ մթնոլորտ: Իրենց հմայիչ անուշ ձայներով կը մեներգեն` Մաթիլտ Պուտագեան, Տալիտա Գռուզեան, Սոնա Բալուլեան, իսկ աքորտիոնով կ՛ընկերակցի Փառէն Գռուզեան:

Իր կոչումին գիտակից կազմակերպութիւն մըն է Հայ օգնութեան խաչը եւ արժանի է ամէն գնահատանքի ու քաջալերանքի. զոհաբերութեան եւ նուիրումի աշխատանք մըն է, զոր կը կատարեն տարիներէ ի վեր հայ կիներ եւ օրիորդներ:

Գ. Գ. ԳՈՒՏՈՒԼԵԱՆ

1964 մայիս 8
Շթորա

 

Share this Article
CATEGORIES