Թուային Ժամանակներու Մէջ. Ճամբու Նոր Նշաններ` Ապահով Քշելու Համար

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ –  ՍՐԱՊԵԱՆ

985ROADՏՈՒԳԱՆՔ, ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ, ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՏԱՐԲԵՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐ Ի ԳՈՐԾ ԴՐՈՒԱԾ ԵՆ ՃԱՄԲԱՆԵՐՈՒ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼՈՒ ԵՒ ԱՐԱԳ ՔՇԵԼՈՒ ՀԱԿԱՄԷՏ ԱՆՁԵՐՈՒՆ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԸ ԲԱՐԵՓՈԽԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ: ՍԱԿԱՅՆ Ի՞ՆՉ ԿԱՐԵԼԻ Է ԸՆԵԼ, ԵՐԲ ՆՈՅՆԻՍԿ ՃԱՄԲՈՒ ՆՇԱՆՆԵՐԸ ԱՅԼԵՒՍ ԴԱՐՁԱԾ ԵՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԵՒ ԱՊԱՐԴԻՒՆ: ԱՌԱՋԻՆ ԱԿՆԱՐԿՈՎ` ՆՈՐ ՇՈՒԿԱՆԵՐ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑ ՄԸ ԿԸ ԹՈՒԻ ԸԼԼԱԼ, ՍԱԿԱՅՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆ Է, ԹԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՔՇՈՂՆԵՐՈՒՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐԵԼՈՎ` ՁԵՒԱԳԾՈՂՆԵՐ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԵԼ ՆՈՐ ՀՆԱՐՔՆԵՐ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԱՐԴԻԿ ԴԱՆԴԱՂԵՑՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԸ ԿԱՄ ԱՒԵԼԻ ՈՒՇԱԴԻՐ ՔՇԵՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ՇԱՐՔ ՄԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԵՐԵՒՈՅԹԸ:

Մարդկային խորհրդաւոր սեւ դիմաստուեր մը յանկարծ յայտնուեցաւ հարաւային Ֆրանսայի քաղաքամերձ գեղատեսիլ ճամբու մը եզրին: Չափահասի մը հասակը ունէր, սակայն դէմք չունէր: Փոխարէնը` կը թուէր, թէ կայծակ մը երկուքի բաժնած էր անոր գլուխը:

Այս ճամբուն վրայ խճողում չկայ, լոյսեր չկան, արագութեան հսկող թակարդներ չկան, այլ կան միայն երկու կողմերը եզերող հնադարեան սօսիներ: Ոչինչէն յայտնուած կերպարը կարելի էր արհամարհել իբրեւ տարօրինակ չար կատակ մը: Սակայն այլ կերպար մը յայտնուեցաւ աւելի առջեւ, ապա յայտնուեցան երկու կերպարներ. մէկը` չափահաս մը, միւսը` մանուկի նման կերպար մը: Եւ ի վերջոյ հասկնալի էր. կերպարները կը ներկայացնէին անձեր, որոնք մեռած էին այս ճամբուն վրայ` ինքնաշարժի արկածի պատճառով: Պատգամը յստակ էր. պէտք էր դանդաղեցնել ինքնաշարժը:

Խթաններ

Ասիկա այնքան ալ նուրբ օրինակ մը չէ վարուելակերպի գիտութեան հետ առնչուող թեքնիքներու, որոնք մարդիկը կը մղեն որոշ ձեւով շարժելու կամ հակազդելու: Կարգ մը խթանող մարտավարութիւններ շեշտակի են կամ բացայայտ: Ճամբու նշաններ, որոնք ցոյց կու տան արագութեան սահմանները կամ քշողներուն յաճախ կը յիշեցնեն դանդաղեցնել ինքնաշարժը, կը փորձեն ուղղակի միջոցներով գրաւել քշողին ուշադրութիւնը: Այլ միջոցներ աւելի նուրբ են, ինչպէս` «միջին արագութեան հսկող նկարահանումի գործիքները»: Մինչ քշելու բնական արագութիւնը խախտողներու համար լարուած ծուղակներ կը փորձեն յատուկ վայրի մը մէջ թակարդել սրընթաց ինքնաշարժները, անդին` միջին արագութեան հսկող նկարահանող գործիքները պատիժներ կը սահմանեն տուեալ կէտէ մը այլ կէտ սուրացող ինքնաշարժներուն: Նման խթաններ արդիւնք կու տան. երբ 2005¬ին միջին արագութեան հսկող նկարահանող գործիքներ զետեղուեցան Կլասկոյի (Սկովտիա) մօտակայ 32 մղոնի վրայ երկարող մայրուղիի մը վրայ, ինքնաշարժի արկածի պատճառով մահացողներուն թիւը անկում արձանագրեց 37 առ հարիւրով:

Վանքուվըրի վտանգաւոր խաչմերուկներուն վրայ զետեղուած են իրականութեան խաբկանքը ստեղծող գեղանկարներ, որոնք կը ծառայեն ինքնաշարժները դանդաղեցնելու:

Վանքուվըրի վտանգաւոր խաչմերուկներուն վրայ զետեղուած են իրականութեան խաբկանքը ստեղծող գեղանկարներ, որոնք կը ծառայեն ինքնաշարժները դանդաղեցնելու:

Այլ միջոցառումներու թիրախը ենթագիտակիցն է: Ճամբու շինութեան նշաններ երբեմն կը պլպլացնեն ժպտուն դէմք մը: Անոնց նպատակն է որոշ ներգործութիւն ունենալ ինքնաշարժ քշողներուն վարուելակերպին վրայ: Շինարարական աշխատանքներուն ճամբուն սկիզբը այդ դէմքը տխուր է. անիկա աստիճանաբար աւելի զուարթ կը դառնայ, մինչ կը հասնինք շինարարական գօտիին ծայրը: Նպատակը քշողները արթուն եւ նուազ անձկալից վիճակի մէջ պահելն է, եւ` ստիպել, որ դանդաղեցնեն ինքնաշարժը: Նոյնպէս ալ` Բրիտանիոյ տարածքին արագութեան սահմանը ցոյց տուող նշաններու տակ կը տեսնենք դէմք մը, որ կը ժպտի այն ինքնաշարժներուն, որոնք արագութեան սահմանը չեն անցնիր, եւ յօնքերը կը կիտէ, երբ կ’անցնին:

Զարնուելու Հակամէտութիւնը

Կարգ մը երկիրներու ճամբաները աւելի վտանգաւոր են: Հնդկաստանի մէջ ճամբու արկածներու զոհերուն համեմատութիւնը կը կազմէ աշխարհի մէջ նման արկածներու զոհերուն թիւին 10 առ հարիւրը. միայն 2011¬ին շուրջ 137 հազար հոգի մեռած է Հնդկաստանի ճամբաներուն վրայ: Թէեւ երկրին հսկողութեան տակ գտնուող առաջին մայրուղին` վեց գիծերէ բաղկացած Մումպայ¬Փիւն սրընթաց ուղին համեմատաբար նուազ վտանգաւոր է, քան` քաղաքներու խճողուած փողոցները, սակայն վերջին 12 տարիներուն ընթացքին աւելի քան 2 հազար արկածներ եւ առնուազն 500 մահեր արձանագրուած են անոր վրայ:

Խթանները արկածներու հարցը դիմագրաւելու միջոց մըն են: Մումպայի մէջ հաստատուած «Ֆայնըլ մայլ» ընկերութիւնը կ՛օգտագործէ վարուելակերպի գիտութիւնը եւ կը յուսայ խաբել հնդիկ վարորդներուն ուղեղը` համոզելով, որ աւելի դանդաղ եւ ուշադիր քշեն:

Արկածներուն աւելի քան 75 առ հարիւրը կը պատահի մարդկային սխալի պատճառով, կ’ըսէ ընկերութեան հիմնադիրներէն Ռամ Փրասատ: Արկածներու մէջ դերակատար են մարդկային բնութեան յատուկ հինգ երեւոյթներ. չափազանց ինքնավստահութիւն, ուշադրութեան պակաս, վտանգի սխալ պատկերացում, արտաքին կամ այլոց հակազդեցութեան չգոյութիւն, կարեկցանքի չգոյութիւն (արագ քշելու ժամանակ աչքերը սեւեռելու դժուարութեան պատճառով):

Ինքնաշարժին արագութիւնը արգելակող շեղակի գիծեր անծանօթ զգացում մը կ’արթնցնեն անոնց վրայէն քշելու ժամանակ: Ասիկա կը նպաստէ, որ քշողներ դանդաղեցնեն ինքնաշարժը («Ֆայնըլ մայլ» ընկերութեան մէկ ձեւագծումը):

Ինքնաշարժին արագութիւնը արգելակող շեղակի գիծեր անծանօթ զգացում մը կ’արթնցնեն անոնց վրայէն քշելու ժամանակ: Ասիկա կը նպաստէ, որ քշողներ դանդաղեցնեն ինքնաշարժը («Ֆայնըլ մայլ» ընկերութեան մէկ ձեւագծումը):

Հետեւաբար Հնդկաստանի աւելի քան 13 հազար երկաթուղիներու խաչմերուկներուն վրայ չափազանց ինքնավստահ եւ անուշադիր քշողները դանդաղ քշելու վարժեցնելու նպատակով «Ֆայնըլ մայլ» զետեղած է շեղակի թումբեր: Ինքնաշարժներուն առջեւի անիւները ոչ թէ միասին, այլ յաջորդաբար կը կտրեն այս թումբերը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ ինքնաշարժը օրօրուի: «Անծանօթ վիճակներու հանդիպելով` քշողները հակամէտ կը դառնան զգալի կերպով դանդաղեցնելու ինքնաշարժը, հետեւաբար` աւելի ուշադիր քշելու ի տես գնացքի մը, որ կը յառաջանայ», կ’ըսէ Փրասատ: Մումպայ¬Փիւն սրընթաց մայրուղիին թումբերուն վրայ նաեւ գծուած են դեղին լայն գիծեր, ինչ որ կը ստեղծէ աւելի բարձր ըլլալու խաբկանքը: Ասիկա շփոթի կը մատնէ քշողները եւ կը ստիպէ, որ դանդաղեցնեն արագութիւնը` նախքան թումբի մը մօտենալը:

Յաւելեալ Ժպիտ Մը

Այլ հնարք մըն է ճամբու նշանները մարդկայնացնելը: Օրինակ` Ֆրանսայի եւ Քանատայի ճամբաներուն վրայ զետեղուած սեւ դիմաստուերները: Հնդկաստանի մէջ հսկայական որմազդներ կը պատկերեն ցնցիչ դէմքը մարդու մը, որ ինքնաշարժի արկածի ենթարկուած է: «Ասիկա կարեկցանք կը ստեղծէ, եւ փոխանակ թելադրելու` դանդաղ քշեցէք, ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ, երբ արագ կը քշենք», կ’ըսէ Փրասատ:

Բրիտանիոյ կարգ մը ճամբաներուն վրայ «մանուկներ ճամբան կը կտրեն» սովորական նշանը` վազող մանուկներու ծանօթ ուրուագիծերով, այժմ փոխարինուած է մանուկներու մարդկային չափի սեւ դիմաստուերներով: «Անոնք շատ աւելի արդիւնք կու տան, երբ որմազդներուն մէջ պատկերուած մանուկները կ’ըսեն` «Ես հոս կ’ապրիմ», կամ` «կ’ուզեմ, որ հայրս ապահով տուն վերադառնայ»», կը նշէ հարաւային Դանիոյ համալսարանին մէջ վարուելակերպի գիտութեան դասախօս Փելէ Կուլպորկ Հանսըն, որ նաեւ կը գլխաւորէ Դանիոյ «Ճամբու խթաններու ցանցը»:

Այս ձեւով աւելի բացայայտ կը դառնան յարձակողապաշտ ոճով քշելու անդրադարձները եւ կը ստեղծուի գիտակցութիւն` ինքնաբերաբար եւ անուղղակի միջոցներով, ինչ որ կենսական է, ինչպէս կ’ըսէ Լոնտոնի Իմփիրիըլ քոլեճի փորձառական հոգեբանութեան դասախօս Լվօ Վլայեւ: Այս ձեւով կը միանան արագութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու եւ հաւանական վտանգներու բեւեռները: «Այս ձեւով մուտք կը գործենք խթաններու աշխարհ մը, ուր անոնք իրենց ներգործութիւնը կ’ունենան հասկացողութեան մեր կարողութեան վրայ», կ’ըսէ Հանսըն:

Երթեւեկի հսկող ոստիկաններու բնական չափի պատկերներ կ’օգտագործուին Պանկալորի մէջ` համոզելու համար վարորդները, որ չխախտեն երթեւեկի օրէնքները:

Երթեւեկի հսկող ոստիկաններու բնական չափի պատկերներ կ’օգտագործուին Պանկալորի մէջ` համոզելու համար վարորդները, որ չխախտեն երթեւեկի օրէնքները:

Խաբկանքով ստեղծուած այլ խթան մըն է օրէնքի ուժը պարտադրող ոստիկաններու գոյութեան յիշեցումը` անոնց բնական չափի պատկերներով: Պանկալորի մէջ զինուորական տարազի գոյնով խաւաքարտէ ոստիկաններ կ’օգտագործուին քշողներուն յիշեցնելու համար վարք ու բարքի օրէնքները: Նմանօրինակ հնարքներ կը կիրարկուին Չինաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու տարածքին: Բրիտանիոյ մէկ գիւղաքաղաքին` Փրեսթընի մէջ ինքնաշարժ քշողներ անմիջապէս կը սեղմեն արգելակը, երբ ոստիկաններու բնական չափի մետաղէ նմանակները կը շփոթեն իրական ոստիկաններու հետ: Կարգ մը գիւղաքաղաքներու մէջ նոյնիսկ խաւաքարտէ շինուած բնական չափի ոստիկանական ինքնաշարժներ զետեղուած են մայրուղիներու խաչմերուկներու եւ կամուրջներու վրայ:

Գիծերու Խաբկանքը

Պայման չէ, որ բոլոր խթանները նոյնքան մանրամասն եւ բարդ յատկանիշներ բովանդակեն կամ իրականութեան խաբկանքը ստեղծեն: Ճամբուն վրայ զիկ¬զակ կամ հատու գիծերը բաւարար են` վախ պատճառելու քշողներուն եւ ստիպելու, որ դանդաղեցնեն ինքնաշարժը, ինչպէս կ’ըսէ Փրասատ: Գիծերը պարագայական կամ դիպուածի արդիւնք կը թուին ըլլալ, եւ անոնց անծանօթ յատկանիշը վարորդները կը մղէ դանդաղեցնելու իրենց արագութիւնը:

Շիքակոյի մէջ փոխադրամիջոցներու նախարարութիւնը յաջողած է դրական արդիւնքներ արձանագրել` օգտագործելով սովորական խաբկանք մը ինքնաշարժի արկածներով տխրահռչակ վայրի մը` Լէյք Շոր Տրայվի Օք փողոցին մէջ: Նախապէս քաղաքին իշխանութիւնները դիմած էին իւրաքանչիւր միջոցի. անոնք շատ աւելի յստակացուցած էին ճամբու նշանները, աւելի մեծ զգուշացնող նշաններ զետեղած էին, պլպլացող լոյսերով եզերած էին ճամբան, սակայն` ապարդիւն. ինքնաշարժներ կը շարունակէին արկածի ենթարկուիլ:

Ի վերջոյ նախարարութիւնը ճերմակ գիծեր գծած էր ճամբուն երկայնքին. իւրաքանչիւր գիծ քիչ մը աւելի կը մօտենար միւսին` մինչ ինքնաշարժները կը կտրէին անկիւնադարձը: Ճամբու գիծերու մէջ հետզհետէ սեղմուող տարածութիւնները քշողներուն մէջ կը ստեղծէին այն խաբկանքը, թէ աւելի արագ կը քշէին: Ուսումնասիրութեան մը համաձայն, այս գիծերուն յայտնութենէն վեց ամիս ետք, 2006¬ի սեպտեմբերին, ինքնաշարժի արկածներուն համեմատութիւնը պակսած էր 36 առ հարիւրով, բաղդատած` տարի մը առաջ վեց ամսուան նոյն ժամանակամիջոցին: Հանսըն կը հաւատայ, թէ ասիկա հոգեբանական լաւագոյն հնարքներէն է` արագութիւնը դանդաղեցնելու:

Նորութեան Ներգործութիւնը

Նման միջոցառումներ աւելի լաւ արդիւնք կու տան, քան` ճամբու նշանները, որովհետեւ, ինչպէս տեսողական գրեթէ բոլոր տեղեկութիւնները, անոնք ենթագիտակցական մակարդակի վրայ կը խօսին ուղեղին: «Երբ նշան մը կը տեսնենք, այսինքն` եթէ տեսնենք, որովհետեւ մեր ուղեղը սովորաբար կ’անտեսէ զայն, կը սկսինք հարց տալ, թէ արդեօք անիկա ի զօրո՞ւ է մեր պարագային կամ` ընդհանրապէս ի զօրո՞ւ է», կ’ըսէ Թոմ Վանտըրպիլթ, հեղինակը` «Թրաֆիք» գիրքին, որ կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս «մեր պատկերացումները հակակշռող միջոցառումները» կրնան բարելաւել ճամբաներուն ապահովութիւնը: «Սակայն, երբ կը քշենք նեղ ճամբաներէ կամ պլպլացող ցուցատախտակներով գինետուներու քովէն, նուազ կը հարցադրենք եւ աւելի հաւանական է, որ ընդոստ հակազդեցութեամբ մը դանդաղեցնենք ինքնաշարժը», կ՛ըսէ ան:

Վանտըրպիլթի համաձայն, նման միջոցներ տեսողական խաբկանքներէ աւելի արդիւնաւէտ են, որովհետեւ այն պահուն, երբ կ՛անդրադառնանք, թէ բան մը կեղծ է, շատ հաւանական է, որ կը սկսինք անմիջապէս անտեսել զայն: «Ինչպէս փորձառական բոլոր դարմանումները կ՛ապացուցեն, գոյութիւն ունի նորութեան ներգործութիւնը. այսինքն վարորդներ ի վերջոյ կը վերադառնան իրենց նախկին վարուելակերպին, երբ կ՛անդրադառնան ի գործ դրուած հնարքին», կ՛ըսէ ան:

Հնդկաստանի մէջ գետնի վրայ ինքնաշարժին ճկունութիւնը ապահովող կազմածներ արտադրող ընկերութիւն մը 7 տարի առաջ ճամբաներուն վրայ փռեց երեք տարաչափութեամբ (3 Տի.) պատկերներ, որոնք փոսի կը նմանէին: Նպատակն էր վարորդները մղել, որ գնէին ընկերութեան արտադրութիւնները, խոստանալով հեզասահ ուղեւորութիւն մը` նոյնիսկ խորտուբորտ ճամբաներու վրայ: Փոխարէնը` պատկերները համոզեցին արագ քշողները, որ դանդաղեցնեն իրենց ինքնաշարժը:

Նոյնպէս ալ Ֆիլատելֆիոյ մէջ ճամբու շինարարներ թումբերու խաբկանքը ստեղծող 3 տարաչափութեամբ պատկերներ գծած են: Սակայն, ինչպէս Հանսըն դիտել կու տայ, «արագութիւնը արգելակող կեղծ թումբերը կրնան ի վերջոյ առաջնորդել վտանգաւոր քշելու, նոյնիսկ` իրական թումբերու վրայ»:

Հետեւաբար կարելի է հարց տալ, թէ որքա՛ն հեռու կրնան երթալ ճամբաներու ապահովութեան միտող խթանները: Հանսընի համաձայն, կարելի է շատ աւելի առաջ երթալ: Օրինակ, պէտք է վերցնել արագ եւ դանդաղ քշելու տարածքները իրարմէ բաժնող գիծերը, որոնք անուղղակի կերպով կը մղեն աւելի արագ քշելու` «ապահով տարածքի մէջ», ինչպէս կը նշէ ան: Աւելի՛ն. ինչո՞ւ մտածել միայն ճամբաներու տարածքին թակարդներ լարելու մասին: Օրինակ, կարելի է ինքնաշարժի ղեկին վրայ դրոշմել ձեռքերու երկու կարմիր հետքեր, որոնք կը յայտնուին ամէն անգամ, որ քշողին մէկ ձեռքը ղեկին վրայ չէ, որպէսզի ան յիշէ, թէ պէտք է երկու ձեռքով քշէ: «Հոգեբանականօրէն կը նախընտրենք, որ իրերը գտնուին ճիշդ իրենց տեղը: Հաւանաբար նոյնն է պարագան ինքնաշարժի ղեկին», կը բացատրէ Հանսըն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES