Անհրաժեշտ Է Յատուկ Կարեւորութիւն Ընծայել Հոգեհանգիստին

ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ

Ննջեցեալներուն համար աղօթք մատուցելը առաջին իսկ դարերէն կար, ինչպէս դիտել կու տայ մեր եկեղեցւոյ հայրերէն 13-րդ դարու հեղինակ Յովհաննէս Երզնկացին` հաստատելով, թէ ննջեցեալներուն համար աղօթք մատուցելը` «Առաքելական եւ կանոնական հրաման է»:

Հոգեհանգստեան պաշտօնը անմիջական կապ չունի սուրբ պատարագի արարողութեան հետ: Հոգեհանգստեան պաշտօն կրնայ կատարուիլ որեւէ օր, բայց եթէ երբեք այսօր անիկա կը կատարուի կիրակի օր, սուրբ պատարագէն ետք, կը կատարուի ըստ հաւատացեալներուն փափաքին: Պայմանները այնպէս բերած են, որ կիրակի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելը աւելի դիւրին եղած է հաւատացեալներուն համար, որովհետեւ միայն այդ օրը անոնք ազատ կ՛ըլլան եւ կրնան ընտանեօք ու մօտիկ պարագաներով ներկայ ըլլալ եկեղեցի:

Հոգեհանգիստը Սուրբգրային Հիմք Ունի

Օտար հոսանքներու հետեւորդներ, որոնք կը մերժեն ննջեցեալներուն համար հոգեհանգիստ կատարելը, կ՛ըսեն, թէ անիկա սուրբգրային հիմք չունի, եւ թէ` անիկա ոչինչ կրնայ փոխել ննջեցեալներուն իրավիճակին մէջ: Ճիշդ է, որ Աստուածաշունչ մատեանին մէջ չունինք ուղղակի կամ բացայայտ վկայութիւն մը, որ կը հաստատէ ննջեցեալներուն համար աղօթք մատուցելու կարեւորութիւնը, եւ սակայն, բան մը, որ սուրբգրային բացայայտ վկայութիւններով չի հաստատուիր, չի նշանակեր, թէ հակասուրբգրային է: Հետեւաբար հոգեհանգիստ կատարելը հակասուրբգրային չէ, ընդհակառա՛կը, ունինք բազմաթիւ անուղղակի վկայութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, որ հոգեհանգիստ կատարելը խիստ կարեւոր է:

Արդ, որո՞նք են այն անուղղակի վկայութիւնները, որոնք լռելեայն կերպով ցոյց կու տան մեզի, թէ կրնա՛նք ու պէ՛տք է կատարենք հոգեհանգստեան պաշտօն մեր ննջեցեալներուն համար.

1) Երբ իսրայէլացիները տրտնջացին Մովսէսի ու Ահարոնի դէմ, Աստուած ուզեց հարուածել զանոնք, բայց Մովսէս պատուիրեց Ահարոնին` բուրվառը առնել եւ մէջը կրակ ու խունկ դնել եւ ժողովուրդին մէջ իջնել, եւ` «Ահարոն Մովսէսին ըսածին պէս բուրվառը առաւ եւ ժողովուրդին մէջ վազեց: Արդէն ժանտախտը սկսած էր ժողովուրդին մէջ: Բուրվառին վրայ խունկ դրաւ եւ ժողովուրդին համար քաւութիւն ըրաւ եւ մեռելներուն ու ողջերուն մէջտեղ կեցաւ ու ժանտախտը դադրեցաւ» (Թուոց 16.47-48): Ուշադրութիւն դարձուցէք, թէ ո՛ւր կեցաւ Ահարոն, որպէսզի աղօթէր ժանտախտի դադրեցման համար: Ան չկեցաւ ողջերուն մէջտեղ միայն, այլ` «մեռելներուն ու ողջերուն մէջտեղ»: Ի՞նչ կը պարզէ Ահարոնին «մեռելներուն ու ողջերուն մէջտեղ» կենալը եւ բուրվառ ու աղօթք ընելը: Կը պարզէ, թէ  իր մատուցած աղօթքը միայն ողջերուն համար չէր, այլ նաեւ` մեռելներուն համար: Եւ արդեօք մեր ալ մատուցած պատարագը «կենդանեաց եւ ննջեցելոց» համար չէ՞, որ կը մատուցուի: Ահարոն քահանան «մեռելներուն ու ողջերուն մէջտեղ կեցաւ» ու աղօթեց, որպէսզի մեռելներուն համար Աստուծոյ ողորմութիւնը հայցէր, իսկ ողջերուն համար` անոր գթութիւնն ու ներողամտութիւնը: Մենք եւս ճիշդ նոյնը կ՛ընենք հոգեհանգիստի ժամանակ. մեր ննջեցեալներուն համար Աստուծոյ ողորմութիւնը կը հայցենք, իսկ ողջերուս համար` անոր առատ գթութիւնը:

2) Նոեմի իր հարսին` Հռութին խօսելով Բոոսի մասին` կ՛ըսէ. «Անիկա [Բոոսը] Տիրոջմէն օրհնեալ ըլլայ, որ կենդանիներէն ու մեռածներէն իր ողորմութիւնը չկտրեց» (Հռութ 2.20): Տուեալ համարին մէջ Նոեմի կը հաստատէ, թէ Բոոս ողորմութիւն կը ցուցաբերէ թէ՛ ապրողներուն ու թէ՛ մեռածներուն նկատմամբ: Այս վկայութիւնը յստակօրէն ցոյց չի՞ տար, թէ հաւատացեալ մարդը կրնայ ողորմած վերաբերմունք ցուցաբերել իր ննջեցեալներուն նկատմամբ: Եթէ երբեք մարդ արարածը կրնայ ողորմութիւն ցուցաբերել թէ՛ ապրողներուն ու թէ՛ մեռածներուն նկատմամբ, որքա՜ն աւելի Աստուած ինք ողորմութիւն կրնայ ցուցաբերել մեզի ու մեր ննջեցեալներուն հանդէպ, երբ հոգեհանգիստի կամ մեր անձնական աղօթքի պահուն արտասուախառն հաւատքով խնդրենք իր ողորմութիւնը:

3) Սողոմոն աղօթքի պահուն կը յիշէ իր մեռած հայրը` Դաւիթը, եւ կը խնդրէ Աստուծմէ, որ ի՛նք եւս յիշէ զայն (Բ. Մնացորդաց 6.42): Ասիկա յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ կարելի է ու պէտք է յիշել մեր ննջեցեալները աղօթքի ժամանակ: Եթէ երբեք մեր տուներուն մէջ մեր մատուցած աղօթքները օգուտ կը բերեն մեր ննջեցեալներուն, որքա՜ն աւելի Աստուծոյ տան` եկեղեցիին մէջ մեր մատուցած աղօթքները օգտակար կը դառնան անոնց:

4) Եթէ Աստուած լսեց մեռած պատանիի մը համար Եղիսէ մարգարէին մատուցած աղօթքը ու մեռած պատանին վերստին կեանքի բերաւ (Դ. Թագաւորաց 4.32-37), ինչո՞ւ համար պիտի չլսէ իր Որդւոյն պատարագի ժամանակ ու հոգեհանգիստի ժամանակ մեր ննջեցեալներուն համար մեր մատուցած աղօթքները:

5) Յուդա Մակաբայեցին հրամայեց զոհեր մատուցել մեղք գործող ու անոր իբրեւ հետեւանք` պատերազմի ժամանակ մեռած մարդոց համար, քանի գիտէր, թէ անոնք օր մը յարութիւն պիտի առնեն: «Եթէ պատերազմի ընթացքին ինկածներուն յարութեան ակնկալութիւնը չունենար, զուր կ՛ըլլար մեռելներուն համար աղօթք մատուցելը: Ան ճիշդ հասկցած էր, որ գեղեցիկ մահով ինկածները շնորհքներու կ՛արժանանան [մեր մատուցած աղօթքներով]: Ան կը հաւատար, որ քաջութեամբ ինկածները մեղքերու թողութիւն կը ստանան» (Բ. Մակաբայեցիս 12.43-46): Տուեալ հատուածին մէջ Յուդա Մակաբայեցին կը քաջալերէ «մեռելներուն համար աղօթք մատուցելը», ինչպէս նաեւ կը հաւատայ, որ անոնք «մեղքերու թողութիւն կը ստանան» իրենց համար մատուցուած աղօթքներով ու զոհերով: Սոյն հատուածը բացորոշ կը դարձնէ, թէ մեր մատուցած աղօթքներն ու մանաւանդ իսկական զոհը` սուրբ պատարագը, քաւութիւն կը բերեն մարդկային տկարութեան իբրեւ հետեւանք մեր ննջեցեալներուն կողմէ գործուած բոլոր մեղքերուն:

6) Աստուածաշունչը բազմիցս կը հաստատէ, թէ Քրիստոսի Մարմինը, այսինքն` Եկեղեցին մէ՛կ է, մէ՛կ ամբողջութիւն է, մէ՛կ անբաժան ու անբաժանելի միութիւն է (Եփեսացիս 4.4: Հռոմայեցիս 12.5: Ա. Կորնթացիս 12.13, եւլն): Եկեղեցին մէ՛կ է, բայց ունի իր երկու բաժինները` «Զինուորագրեալ Եկեղեցի» եւ «Յաղթական Եկեղեցի»: «Զինուորագրեալ Եկեղեցի»-ն կը կազմեն անոնք, որոնք տակաւին կ՛ապրին երկրաւոր պայմաններու մէջ եւ պայքարի մէջ են մեղքին դէմ. իսկ «Յաղթական Եկեղեցի»-ն կը կազմեն անոնք, որոնք մեղքին դէմ յաղթանակ տարած ու մեկնած են այս աշխարհէն: Այս իմաստով, Քրիստոսի Եկեղեցիին մէկ մասը երկինքի մէջ է, իսկ միւս մասը` երկրի վրայ, բայց անիկա մէ՛կ կատարեալ միութիւն է: Եթէ մենք չենք կրնար աղօթել աշխարհէն մեկնած հաւատացեալներուն համար եւ անոնք ալ մեզի համար չեն կրնար աղօթել, Քրիստոսի Մարմինը, այսինքն` Եկեղեցին, կը դադրի մէ՛կ ըլլալէ եւ կը վերածուի երկու մարմիններու կամ եկեղեցիներու, մին անոնցմէ երկինքի մէջ, իսկ միւսը` երկրի վրայ: Միակ կերպը, որով Քրիստոսի Եկեղեցին կրնայ վկայել ու հաստատել, թէ ինք մէ՛կ է, այն է, որ երկինք մեկնածները աղօթեն երկրի վրայ մնացողներուն համար, եւ երկրի վրայ մնացողները աղօթեն երկինք մեկնածներուն համար: Աղօթքը միակ միջոցն է, որով երկնաբնակ ու երկրաբնակ հաւատացեալներ կրնան հաղորդակցութեան մէջ մտնել ու պահել իրենց մէկութիւնն ու միութիւնը:

7) Պետրոս առաքեալ խօսելով Քրիստոսի մասին` կ՛ըսէ. «Թէպէտ մեռաւ մարմինով, բայց կենդանի մնաց հոգիով: Եւ հոգիով ալ գնաց քարոզեց բանտարկուած հոգիներուն» (Ա. Պետրոս 3.18-19): Ա. Պետրոս 4.6-ին մէջ նաեւ առաքեալը կը հաստատէ, թէ` «Քրիստոս գնաց եւ Աւետարանը մեռելներուն ալ քարոզեց»: Արդ, եթէ այս կեանքէն բաժնուած մարդոց համար հոգեհանգիստ կատարելը կամ աղօթք մատուցելը օգուտ մը չ՛ըներ եւ անոնց իրավիճակին մէջ բան մը չի փոխեր, այդ պարագային ինչո՞ւ համար Քրիստոս գնաց եւ անոնց եւս քարոզեց Աւետարանը: Իսկ եթէ Աւետարանի քարոզութիւնը կրնայ տարբերութիւն յառաջ բերել ննջեցեալներուն կեանքին մէջ, ինչո՞ւ համար սուրբ պատարագի աւարտին կատարուած հոգեհանգիստը պիտի չկարենայ այդ տարբերութիւնը բերել:

8) Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Եթէ մեռելները բնաւ ալ յարութիւն պիտի չառնեն, հապա ի՞նչ է, որ կ՛ընեն անոնք, որ մեռելներուն փոխարէն կը մկրտուին. ինչո՞ւ ուրեմն կը մկրտուին անոնց փոխարէն» (Ա. Կորնթացիս 15.29): Մեռելներու փոխարէն մկրտուելու աւանդութիւնը առաքելական դարուն ծանօթ իրողութիւն էր, թէպէտ այսօր շատ քիչ բան գիտենք նման աւանդութեան մը ետին կանգնող պատճառին, դրդապատճառին կամ համոզումին մասին: Կարեւորը քիչ կամ շատ բան գիտնալը չէ սակայն: Կարեւորը գիտնալն է, թէ Պօղոս առաքեալ ծանօթ էր նման աւանդութեան մը գոյութեան եւ հակառակ չէր անոր: Արդ, եթէ երբեք մեռելներուն փոխարէն մկրտուիլը տարբերութիւն մը կամ փոփոխութիւն մը կը յառաջացնէր անոնց կեանքին մէջ, ինչո՞ւ համար հոգեհանգիստի ժամանակ մեր մատուցած աղօթքները տարբերութիւն մը կամ փոփոխութիւն մը պիտի չկրնան յառաջացնել:

9) Պօղոս առաքեալ կը վկայէ, թէ` «Քրիստոս մեռաւ եւ վերակենդանացաւ, որպէսզի Տէրը ըլլայ բոլորին` թէ՛ ապրողներուն եւ թէ՛ մեռածներուն հաւասարապէս» (Հռոմայեցիս 14.9): Իսկ Պետրոս առաքեալ կը հաստատէ, թէ Քրիստոս պիտի դատէ ողջերն ու մեռելները, որովհետեւ իր մահէն ետք` «գնաց եւ Աւետարանը մեռելներուն ալ քարոզեց» (Ա. Պետրոս 4.5-6): Այս եւ նման վկայակոչութիւններ յստակ կը դարձնեն, թէ Քրիստոս խաչին վրայ պատարագուեցաւ թէ՛ ողջերուն եւ թէ՛ մեռելներուն համար: Այսօրուան մատուցուած պատարագն ալ թէ՛ ողջերուն եւ թէ՛ մեռելներուն համար է, որ կը մատուցուի: Յիշենք, որ երբ Քրիստոս խաչին վրայ իր հոգին աւանդեց, «տաճարին վարագոյրը պատռուեցաւ եւ վերէն վար երկու մասի բաժնուեցաւ, երկիրը շարժեցաւ եւ ժայռերը ճեղքուեցան, գերեզմանները բացուեցան, եւ շատ մը սուրբ ննջեցեալներ յարութիւն առին» (Մատթէոս 27.50-52): Խաչին վրայ Քրիստոսի պատարագումին ժամանակ գերեզմաններուն բացուիլը եւ «շատ մը սուրբ ննջեցեալներ»-ու յարութիւն առնելը ինքնին ապացոյց մըն է, թէ ննջեցեալներուն հոգիները կ՛ազդուին ու կը ցնծան, երբ անոնց անունները կը յիշուին սուրբ պատարագի ընթացքին եւ անոր աւարտին:

Թանկագի՛ն հաւատացեալներ, յօդուածիս առաջին թիւի աւարտին կ՛ուզեմ հետեւեալ երեք կէտերը ձեր ուշադրութեան յանձնել.

ա) Սխալ է լոկ հոգեհանգիստի համար եկեղեցի գալը: Եկեղեցի գալուն նպատակը սուրբ պատարագի միջոցով Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելը պէտք է ըլլայ: Հաւատացեալը եկեղեցի պէտք է գայ իր սիրոյն համար մեռնող Փրկիչին համար եւ ո՛չ թէ իր մահացած հարազատին համար:

բ) Ոմանք հոգեհանգիստէն հինգ կամ տասը վայրկեան առաջ եկեղեցի կու գան: Ասիկա ճիշդ երեւոյթ մը չէ: Ննջեցեալները պատարագի արարողութեան ամբողջ ընթացքին մնայուն կերպով կը յիշուին. ուստի, հոգեհանգիստ ունեցողները պէտք է պատարագի սկիզբէն ներկայ ըլլան եկեղեցի:

գ) Կան հաւատացեալներ, որոնք իրենց ննջեցեալներուն անունները ուրիշներուն հետ կը ղրկեն, եւ իրենք տուն նստած` իրենց ննջեցեալներուն համար հոգեհանգիստ ընել կու տան: Ասիկա մեր ննջեցեալներուն հանդէպ յարգալից վերաբերմունք չէ: Հոգեհանգիստ ընել տուող հաւատացեալը պէտք է ներկայ ըլլայ եկեղեցի եւ ինքն ալ մասնակից դառնայ ննջեցեալներուն համար առ Աստուած բարձրացուած աղօթքներուն:

 

(Շարունակելի)

 

Share this Article
CATEGORIES