ԶՈՄ-ի «Դէպի Երկիր» Յանձնախումբի Նոր Ծրագիր` Հայաստանի Մէջ Վարժանքներ Եւ Կամաւոր Աշխատանք Կատարելու Առիթ Լիբանանահայ Երիտասարդներուն

Ն. Բ.

Հայաստանը իբրեւ սոսկ զբօսաշրջային երկիրի պարունակէն դուրս բերելու, զայն ամէնօրեայ բնակութեան ու աշխատանքի վայրի վերածելու, «Դէպի Երկիր» գաղափարախօսութեան յաւելեալ զարկ տալու միտումով ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի Երկիր» յանձնախումբը նախաձեռնած է ծրագիրի մը, որուն ընդմէջէն լիբանանահայ երիտասարդներուն առիթ կը տրուի երթալու հայրենիք եւ հոն գետնի վրայ կամաւոր աշխատանք ու վարժանքներ կատարելու:

Այս ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու միտումով «Ազդակ» հարցազրոյց կատարեց ՀՅԴ ԶՈՄ-ի վարչութեան անդամ Փաթիլ Եսայեանի եւ ԶՈՄ-ական Արա Գասապեանի հետ:

Pateel-YessayanՓաթիլ Եսայեան նման ծրագիրի մը մշակման մասին խօսելով` դիտել տուաւ, որ ԶՈՄ-ի «Դէպի Երկիր» յանձնախումբը գործակցաբար «Դէպի Հայք»-ին մէջտեղ բերին վարժանքի ծրագիր մը, որ պիտի գործադրուի թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ Արցախի մէջ: «Ճիշդ է, որ մեծ թիւով երիտասարդներ Հայաստան կ՛այցելեն, սակայն ընդհանրապէս` զբօսաշրջութեան նպատակով. մենք ուզեցինք այս իմաստով քայլ մը առջեւ երթալ եւ երիտասարդները մղել Հայաստանի մէջ իսկական գործ կատարելու, որպէսզի ծանօթանան Հայաստանին իր իսկութեան մէջ, անոր չնային իբրեւ զբօսաշրջիկ: Մեր նպատակներէն էր նաեւ այն, որ «Դէպի Երկիր» կարգախօսէն մեկնած` գետնի վրայ աշխատանք տանինք, աւելի սերտ կապի մէջ ըլլանք ժողովուրդին ու առօրեային հետ:

«Այս ծրագիրը ուղղուած է բոլոր հայ երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն` ըլլան անոնք միութենական կամ միութենական կեանքէ հեռու, հայերէն գիտնան կամ քիչ գիտնան, ուղղուած է հայկական ծագումով բոլոր ուսանողներուն, պայմանաւ որ անոնք ըլլան 20-32 տարեկան: Օրինակ, եթէ մէկու մը մեծ մայրը հայ է, բնաւ հայերէն չի գիտեր, կրկին առիթ պիտի ունենայ մասնակցելու այս ծրագիրին, որուն ընդմէջէն ան թէ՛ երկրին կը ծանօթանայ եւ թէ՛ կրնայ հայերէն սորվիլ: Մեր թիրախն է յատկապէս հասնիլ այն հայ երիտասարդներուն, որոնք այդքան ալ ծանօթ չեն Հայաստանին, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ասիկա լաւ միջոց մըն է, որ իրենք իրենց ներդրումը բերեն, եւ թէ ալ ծանօթանան հայրենիքին», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ այս մէկը կատարելու նպատակով արդէն իսկ կապ հաստատուած է Լիբանանի համալսարաններու հայկական ակումբներուն հետ, անոնց տեղեկութիւն փոխանցուած է, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին տարածեն այս մասին: Ծրագիր կայ լսարան մը կազմակերպելու, եթէ կարիք ըլլայ` անգլերէն լեզուով, որպէսզի այդ երիտասարդներուն կարելի ըլլայ հասնիլ:

Պատասխանելով մեր հարցումին, թէ այս ծրագիրը ինչո՞վ կը զատորոշուի «Դէպի Հայք»-ի ընթացիկ ծրագիրէն, Փաթիլ Եսայեան դիտել տուաւ. «Դէպի Հայք»-ի ծրագիրը ունի երեք կարեւոր կէտեր, որոնցմէ կ՛օգտուինք մենք ալ.

1. Վարժանքի վայրին հետ կապ կը հաստատեն ու անհրաժեշտ դասաւորումները կը կատարեն:

2. Եթէ երկար ժամանակի վրայ պիտի մնայ անձը, օդանաւային տոմսին մէկ մասը կամ ամբողջովին կը վճարեն:

3. Կեցութեան պարագային կրնան սենեակ մը ապահովել տան մը մէջ` կա՛մ յարմար գինով եւ կա՛մ ամբողջովին ձրի:

«Ասոնց կողքին, մենք կը հոգանք այն բոլոր միւս ծախսերը, որոնք «Դէպի Հայք»-ի պարագային մասնակիցը պէտք է ստանձնէ, ինչպէս` ապահովագրութեան ծախսը: Վարժանքի կողքին, այս ծրագիրով ենթական նաեւ կը ծանօթանայ հայրենիքի պատմամշակութային վայրերուն, որովհետեւ իւրաքանչիւր շաբաթավերջին պիտի կազմակերպուին պտոյտներ, որոնց մէկ մասին մասնակցութեան սակը պիտի տրամադրենք, նաեւ պիտի տրամադրենք մշակութային ձեռնարկներու տոմսեր:

«Ասոնցմէ դուրս, Երեւանի մէջ կեցութեան պարագային, մենք կը հոգանք ծախսերը: Այս բոլորը ընդհանուր գիծերն են, ասոնց կողքին կան մանրամասնութիւններ, իւրաքանչիւր անհատի հետ մեր ունեցած հանդիպումին ընթացքին մենք պիտի տեղեկանանք, որ ի՛նչ բանի կարիք ունի, ինչո՞վ կրնանք օժանդակել, որպէսզի անձը կարենայ իր մասնակցութիւնը բերել այս ծրագիրին:

«Շեշտեմ, որ մեր ծրագիրը նաեւ Արցախ կը ներառէ, ինչ որ նորութիւն է. «Դէպի Հայք»-ը հոն ալ կը գործէ, սակայն` ոչ այդքան աշխուժ կերպով: Մեր նպատակն է երիտասարդներ ուղարկել նաեւ Արցախ», բացատրեց Փ. Եսայեան:

Նաեւ կայ այն, որ փոխանակ տարուան ընթացքին մէկ ամիս ճշդելու նման աշխատանքի մը` ԶՈՄ-ը 12 ամսուան ընթացքին առիթ կու տայ այս ծրագիրէն օգտուողներուն, որ իրենք ընտրեն իրենց համար յարմար թուականը: Անձ մը կրնայ վարժանքի ծրագիր կատարել մէկ ամիսէն 12 ամիս:

Ara-KassabianԶՈՄ-ական Արա Գասապեան եւս այս ծրագիրին իւրայատկութեան մասին խօսելով` ըսաւ. «Գիտենք, որ ԶՈՄ-ականները համալսարանականներ են, իսկ բոլոր համալսարանականները իրենց ուսումնական շրջանին ստիպուած են վարժանքներ կատարել: Կան երիտասարդներ, որոնք Լիբանանի մէջ կ’ընեն այդ մէկը, ուրիշներ` եւրոպական երկիրներու մէջ, իսկ ոմանք ալ կը նախընտրեն այդ մէկը կատարել համալսարանը աւարտելէ ետք»:

«Դէպի Երկիր»-ի եւ «Դէպի Հայք»-ի այս ծրագիրը առիթ կու տայ, որ Լիբանանի մէջ ուսանող հայ երիտասարդները, որոնք մարզումի հանգրուան մը պէտք է կատարել, որպէսզի համալսարանական իրենց թղթածրարը ամբողջանայ, իրենց ուսումնական վարժանքը կատարեն Հայաստանի մէջ:

Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ այդ աշխատանքը կատարելու տարբերութեան մասին խօսելով` Ա. Գասապեան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի պարագային ընտանիքի կամ բարեկամի միջնորդութեամբ ուսանողը հաստատութեան մը կողմէ պիտի ընդունուի միամսեայ վարժանքի համար, հաւանաբար աննշան աշխատանք մը տրուի իրեն, իսկ անկէ ետք պիտի դադրի այդ կառոյցին հետ կապ ունենալէ: Հայաստանի պարագային տուեալ երիտասարդը ստիպուած է յարգել օրէնքները այն հաստատութեան, ուր իր վարժանքը պիտի կատարէ, անկէ ետք համապատասխան վկայագիր պիտի տրուի անոր. այս կը նշանակէ, որ տարուելիք աշխատանքը շատ լուրջ բնոյթ կը կրէ, եթէ պայմանները չամբողջացուին եւ վկայագիրը չստանայ, համալսարանին ներկայացնելիք համապատասխան փաստաթուղթ պիտի չունենայ: Ատկէ բացի, կայ այն, որ հայ երիտասարդը իր հայրենիքին մէջ կատարելով իր վարժանքը` իր հայրենիքին համար ներդրում կ’ունենայ, անոր կը ծառայէ:

«Մենք գիտենք, որ Հայաստան գացողներու երեք տեսակ կայ. կան զբօսաշրջիկները, կան հոն հաստատուողները, իսկ երրորդ խումբին մէջ կան այն անձերը, որոնք կ’երթան կամաւոր գործ մը ընելու հայրենիքին մէջ, ապա իրենց ապրած երկիրները վերադառնալու: Մեր ըրած վարժանքի ծրագիրը մաս կը կազմէ վերջին խումբին. երիտասարդները կ’երթան եւ աշխատանք մը կը կատարեն թէ՛ հայրենիքին համար եւ թէ՛ իրենց ուսման ծրագիրի ամբողջացման համար: Շատ քիչ տոկոս կը կազմեն այսպիսիները, որոնք իրենց անձնական մէկ աշխատանքը կամ պարտականութիւնը կը ծառայեցնեն նաեւ հայրենիքին»:

Ըստ Արա Գասապեանին, այս վարժանքը նաեւ կը ծառայէ ծրագիրին ու նպատակին «Դէպի Երկիր» յանձնախումբին, որ այս տարի իր գործուղումներուն 10-ամեակը կ’ամբողջացնէ: Անդրադառնալով «Դէպի Երկիր» յանձնախումբի գործունէութեան եւ գործուղումներու հիմնական նպատակին` ան դիտել տուաւ, որ ճիշդ չէ այն կարծիքը, թէ մենք ԶՈՄ-ականներ կը ղրկենք, քանի մը շաբաթ տեղւոյն մանուկներուն հետ աշխատանք տանելու, ժամանակ անցընելու, նուէրներ տալու եւ վերադառնալու համար: «Ճիշդ է, որ մենք ասիկա կ’ընենք, բայց ասիկա մէկն է այն երեք կէտերէն, որոնց հիման վրայ կը կատարուին մեր գործուղումները, եւ ընդհանրապէս միայն այս մասին տեղեակ կ’ըլլայ ժողովուրդը: Առաջին կէտը այն է, որ «Դէպի Երկիր» յանձնախումբին միջոցով Հայաստան գացող երիտասարդը իր ազատ ժամէն ու արձակուրդէն կը տրամադրէ եւ հոն մանուկներուն ու պատանիներուն հետ օրեր անցընելով` ի՛նք է, որ ձեւով մը կը դաստիարակուի. այսինքն ան իր գիտցածն ու չգիտցածը (սորվելով) այդ մանուկներուն կը փոխանցէ, որպէսզի անոնց գիտելիքներ տայ: Ուրեմն առաջին կէտը այն է, որ լիբանանահայ երիտասարդը Հայաստանի մէջ ապրողներուն հետ կապ հաստատէ: Երկրորդ նպատակը Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռակողմանի կապի հաստատման նպաստելն է. մենք այս իմաստով մեր ներդրումը կ’ունենանք, Լիբանանի մէջ գործելով հանդերձ, գործուղումներ կատարելով դէպի Հայաստան եւ Արցախ: Մեր աշխատանքներուն եւ անոնց մասին կատարուող քարոզչութեան ընդմէջէն մենք կը սատարենք այդ եռակողմանի յարաբերութեան, յատկապէս` երիտասարդութեան մօտ: Երրորդ նպատակը Հայաստանի մանուկներուն եւ պատանիներուն փոխանցուող տեղեկութիւնները, դասընթացներն են, որոնց ընդմէջէն նաեւ անոնք հարազատութիւն մը պիտի զգան այդ սփիւռքահայ տղոց հետ, որոնք Լիբանանէն եկած են` իրենց հետ տարբեր աշխատանքներ եւ ծրագիրներ կատարելու:

«Դէպի Երկիր» ծրագիրի տասնամեակին առիթով ուզեցինք նորութիւն մը բերել, ուստի, գործուղումներուն կողքին, աւելցուցինք վարժանքներու այս ծրագիրը: Ասիկա քանի մը օրուան գործի մը արդիւնքը չէ, մենք քանի մը տարիէ ի վեր կը մտածէինք վարժանքի այս աշխատանքը փորձել, մեր կարողութիւններով այդ մէկը կատարել, սակայն առանձինն նման բան կատարելը տարբեր դժուարութիւններու դուռ կը բանայ, ուստի կապ հաստատեցինք «Դէպի Հայք» կազմակերպութեան պատասխանատուներուն հետ, բացատրեցինք մեր ցանկութիւնն ու նպատակը: Անոնք եւս խանդավառ էին, մանաւանդ որ իրենց համար ալ հետաքրքրական էր այս առաջարկը, որովհետեւ մեծ չէ թիւը այն լիբանանահայերուն, որոնք իրենց ծրագիրին կը մասնակցին: Ձեւով մը երկու կողմերուս նպատակներն ու ուղղութիւնները իրարու համընկեցան, մեր շահերը զիրար ամբողջացուցին, եւ մեր համագործակցութիւնը յաջողեցաւ»:

1912164_431498283660787_1812439402_nՓաթիլ Եսայեան տեղեկացուց, որ բոլոր հետաքրքրուողները կրնան կապուիլ ԶՈՄ-ի գրասենեակ, ե-նամակներ ուղարկել ԶՈՄ-ի ե-հասցէին` [email protected] կամ Դիմատետրի վրայ միանալ այս նպատակով հաստատած մեր էջին (https://www.facebook.com/TebiYergirInternshipProgram), ուր կան բոլոր տեղեկութիւնները: «Ժամադրութիւն կը ճշդուի, ենթակային մանրամասն կը բացատրուի ծրագիրը, ինք կ՛արտայայտէ իր մտահոգութիւնները, կ՛ըսէ, թէ ի՛նչ են ակնկալութիւնները, եւ եթէ համաձայն է մասնակցելու, դիմումնագիր կ՛ամբողջացնէ:

«Մենք ունինք շատ մը երիտասարդներ, որոնք Հայաստանի մէջ նախապէս վարժանքներ կատարած են, այս իմաստով փորձառութիւն ունին: Նշեալ երիտասարդները պատրաստ են նման ծրագիրի մը մասնակցելու նպատակ ունեցողներուն հետ տեսակցելու, իրենց փորձառութեան, դիմագրաւած հարցերուն մասին խօսելու, յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու:

«Ապա մենք կապ կը հաստատենք Հայաստան` «Դէպի Հայք» գրասենեակին հետ եւ անհրաժեշտ բոլոր դասաւորումները կը կատարենք: Այսինքն դիմողը մեզի կ՛ըսէ, թէ ի՛նչ տեսակի բան մը կ՛ուզէ ընել, ոմանք զուտ ակադեմական վարժանք կ՛ուզեն ընել, որովհետեւ համալսարանը այդպէս կը պահանջէ, ուրիշներ պարզապէս ամրան շրջանին կ՛ուզեն կամաւոր աշխատիլ: Ծրագիրին մէջ երկու դասակարգ կայ. օրինակ, եթէ մէկը բժշկութիւն կ՛ուսանի, եթէ Հայաստանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ ընէ իր վարժանքը, կամ եթէ մէկը կ՛ուզէ երկու ամիս երթալ ու աշխատիլ, կրնայ մանկատան կամ դպրոցի մէջ աշխատանք ստանձնել, անգլերէն սորվեցնել, այլ նիւթեր դասաւանդել եւ այլն:

«Մեզի դիմողներուն տեղեկութիւններ կու տանք հայաստանեան առօրեային մասին, ընդհանուր ապրուստին, նիւթական կարիքի առնչութեամբ պատկերացում կու տանք: Հոն որեւէ հարցի պարագային իսկոյն կրնան կապուիլ մեզի կամ «Դէպի Հայք»-ի գրասենեակի պատասխանատուներուն, որոնք երբեք առանձին չեն ձգեր անհատները, անոնց կողքին կ՛ըլլան որեւէ դժուարութեան պարագային:

«Երբ անձը հասնի Հայաստան, օդակայանին մէջ արդէն իսկ զինք դիմաւորող պիտի ըլլայ, պիտի ուղղուի գրասենեակ: Առաջին քանի մը օրերը արեւելումի բնոյթ կը կրեն, անոր կը ներկայացուի թէ՛ ծրագիրը, եւ թէ՛ Երեւանը կամ Ծաղկաձորը կամ այն վայրը, ուր բնակութիւն պիտի հաստատէ: Շաբաթը պէտք է 40 ժամ վարժանքի ծրագիրի մասնակցի. ասոր կողքին, կան նաեւ հայոց լեզուի դասընթացքներ` տարբեր դասարաններով, մանաւանդ անոնց համար, որոնք հայերէն չեն գիտեր: Ասոնց կողքին, կան հերթական հաւաքներ` «Դէպի Հայք»-ի կողմէ կազմակերպուած, որոնց ընթացքին կը համախմբուին այդ ժամանակաշրջանին վարժանքներ կատարողները: Նպատակը տարբեր երկիրներէ եկած հայ երիտասարդները իրարու ծանօթացնելն է, նաեւ մէկը իր փորձառութիւնը միւսին կը փոխանցէ: Իւրաքանչիւր շաբաթավերջի կան պտոյտներ, նաեւ պտոյտ մը կայ դէպի Արցախ: Անձը կ’որոշէ` կ’ուզէ՞ մասնակցիլ, թէ՞ ոչ, ասիկա միայն վարժանքներ կատարողներու յատուկ է: Եթէ վարժանքին ընթացքին անձը զգայ, որ գոհ չէ իր տարած աշխատանքէն, կրնայ դիմել գրասենեակ, բացատրել պատճառները, որպէսզի ան այլ վայրի մը մէջ շարունակէ վարժանքները: Մնացեալ ժամերուն ազատ է: Նուազագոյնը պէտք է 4 շաբաթ վարժանքի ծրագիրին մասնակցի, եւ որքան երկարի տեւողութիւնը, այդքա՛ն կը սկսի յաւելեալ առաւելութիւններէ օգտուիլ: Օրինակ,  եթէ 9 շաբաթը անցաւ, օդանաւային տոմսին կէսը կը վճարուի, եթէ 14 շաբաթ եղաւ, ամբողջ տոմսին գինը կը տրամադրուի: Ձմեռը գացողին առաւելութիւնները աւելի են:

Հայկականութեան եւ հարազատ զգալու երեւոյթին անդրադառնալով` Արա Գասապեան նշեց, թէ ուսանողը պիտի աշխատի հայկական կառոյցի մէջ, որոշ հանգրուանի մը համար պիտի ապրի հայ ընտանիքի մը քով: Այլ խօսքով, ան պիտի ապրի այն կեանքը, զոր կ’ապրի Հայաստանի քաղաքացին. առաւօտուն սովորական ու կանոնաւոր աշխատանքի պիտի երթայ, ապա տուն պիտի վերադառնայ եւ ընէ այն, ինչ որ հոն ապրող մը պիտի ընէ, պիտի յարգէ թէ՛ աշխատանքի ժամերը եւ թէ՛ ընտանեկան յարկին համար ճշդուած ժամերն ու օրէնքները:

Հետաքրքրուեցանք, որ արդէն իսկ դիմումներ կատարուա՞ծ են. «Տակաւին նոր սկսած ենք ու կը նախատեսենք, որ առաջին ուսանողները այս տարուան յուլիս-օգոստոսին երթան: Մինչեւ հիմա 6 հոգի ներկայացած է, 2 ուրիշներ արդէն դիմումները ամբողջացուցած են: Թիւը սահմանափակ չէ, որքան մարդ դիմէ, պիտի ղրկենք», յայտնեց Փ. Եսայեան:

Անոր համաձայն, այս ծրագիրին մասնակիցները աւելի ուշ պիտի կազմեն խմբակ մը, որուն ճամբով ապագային եւս տարբեր տեսակի օգուտներ կրնան քաղել. օրինակ, եթէ գործի կարելիութիւններ ըլլան Հայաստանի մէջ եւ կան հետաքրքրուածներ, մենք բոլոր տեղեկութիւնները կը փոխանցենք:

Պատասխանելով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ հայաստանցիներուն կողմէ ինչպիսի՞ տպաւորութիւն կայ այս առնչութեամբ, անոնք որքանո՞վ օգուտ կը քաղեն նման ծրագիրներէ,  Փաթիլ Եսայեան յայտնեց. «Դրական տրամադրութիւն կայ, տարիներու ընթացքին բազմացած են այն հաստատութիւնները, որոնք կ’ընդունին սփիւռքահայերը, անոնց առիթներ կը տրամադրեն: Նաեւ ըսեմ, որ Հայաստանի մէջ կարիք կայ օտար լեզուի տիրապետողներու, այս իմաստով սփիւռքահայ երիտասարդը բաւական հմուտ է: Նշեմ նաեւ, որ մարզերուն մէջ յատկապէս կարիք կայ կամաւոր աշխատանք տանողներու, որովհետեւ անոնք մեծապէս կրնան օժանդակել շրջաններուն կարիքներուն:

«Կայ նաեւ այն կարելիութիւնը, որ եթէ անձ մը արդէն իսկ ընտրած է, թէ ո՛ւր պիտի ընէ վարժանքը, մեզի կրնայ դիմել, մենք կապ կը հաստատենք ու կը դասաւորենք: Եթէ երկար ժամանակի վրայ պիտի տեւէ վարժանքը, կարելի է նաեւ մէկէ աւելի տեղեր ընել:

«Մասնակիցները կարճ յօդուածներ եւ նկարներ կը փոխանցեն, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ ուրիշներուն ծանօթացնել»:

Ըստ Արա Գասապեանի, այս վարժանքը նաեւ դուռ կը բանայ, որ երիտասարդը, եթէ փափաքի, երթայ եւ Հայաստան հաստատուի, որովհետեւ ինք արդէն իր բնագաւառին մէջ վարժանք կը կատարէ, կապեր կը հաստատէ, հոն կը մնայ նուազագոյնը ամիս մը, ուստի համալսարանը աւարտելէ ետք աւելի դիւրութիւններ պիտի ունենայ հոն աշխատանք գտնելու, պատկերացում ունենալու, թէ կեանքը ի՛նչ ձեւով է Հայաստանի մէջ:

Լիբանանահայ երիտասարդներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Ա. Գասապեան դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր ուսանող ստիպուած է վարժանք կատարել, իսկ ԶՈՄ-ը այս ծրագիրով իրեն առիթ կու տայ այդ աշխատանքը հայրենիքի մէջ կատարելու, մանաւանդ Հայաստան չայցելածներուն համար ասիկա բացառիկ առիթ է, մանաւանդ որ իրմէ ոչ մէկ բան պահանջուած է, միայն պէտք է մեզի ներկայանայ, իր ճիւղը ընտրէ եւ անկէ ետք մենք ամէն ինչ պիտի դասաւորենք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES