Էրտողանը Կը Պնդէ, Որ Ցեղասպանութիւն Չէ Եղած, Քանի Որ Բոլոր Հայերը Չեն Սպաննուած
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Քանի մը օր անց ապրիլ 23-ի խորամանկ յայտարարութեան հրապարակումէն, որ շատերը մոլորութեան մէջ ձգած էր, թէ իբր թէ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ան փոխեց իր դիրքորոշումը ամերիկեան պատկերասփիւռի յայտագիրի մը ընթացքին` պնդելով, որ 1915 թուականի հայերու զանգուածային սպանութիւնը ցեղասպանութիւն չէր:
Պատասխանելով վաստակաւոր լրագրող Չարլի Ռոզի հարցումին, թէ արդեօք հնարաւո՞ր է Թուրքիոյ վարչապետին համար այդ սպանութիւնները բնորոշել իբրեւ ցեղասպանութիւն, Էրտողանը ծիծաղելի պատասխան տուաւ. «Հնարաւոր չէ, քանի որ եթէ ցեղասպանութիւն եղած ըլլար, հայեր պիտի ապրէի՞ն այս երկրի մէջ (Թուրքիոյ մէջ)»:
Անհաւատալի է, որ Թուրքիոյ նման մեծ երկրի ղեկավարը անտեղեակ է ցեղասպանութեան աշխարհով մէկ ընդունուած սահմանումէն: Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն (նախկին փրոֆեսէօր) եւ այլ զարգացած թուրքեր հաւանաբար շատ ամչցան` տեսնելով, թէ ինչպէս իրենց վարչապետը կը խայտառակուի` բացայայտելով իր անգրագիտութիւնը միլիոնաւոր ակնդիրներու առջեւ:
1948 թուականի դեկտեմբեր 9-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընդունուած «ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ պատժելու» պայմանագրի 2-րդ յօդուածը ցեղասպանութիւն կը համարէ` «այն գործողութիւնները, որոնք կը կատարուին որեւէ ազգային, ցեղային կամ կրօնական խումբի մը լիակատար կամ մասնակի ոչնչացման մտադրութեամբ»:
Պէտք չէ ցեղասպանագէտ ըլլալ հասկնալու համար, որ պարտադիր չէ ոչնչացնել որոշ խումբի իւրաքանչիւր անդամ` ցեղասպանութեան իրականացման մէջ մեղադրուելու համար: Արդեօ՞ք Հիթլերը կրցաւ սպաննել Գերմանիոյ բոլոր հրեաները: Մի՞թէ Էրտողանը պիտի յանդգնէր երթալ ամերիկեան պատկերասփիւռի ընկերութիւն եւ նման վիրաւորական կարծիք յայտնել Հրէական ողջակիզման վերաբերեալ` պնդելով, թէ ատիկա ցեղասպանութիւն չէ, քանի որ այսօր ալ բազմաթիւ հրեաներ կ’ապրին Գերմանիոյ մէջ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան արժանի պատասխան տալով` յորդորեց Էրտողանը հետեւելու Գերմանիոյ` Ողջակիզման ընդունման օրինակին` «ճանչնալու, դատապարտելու եւ ներողութիւն հայցելու» միջոցով: Նալբանդեան պէտք էր նաեւ աւելցնէր «փոխհատուցման» պարտադիր պահանջը, առանց որուն` մնացածը սին խօսքեր են:
Էրտողանին պէտք է յիշեցնել, որ ընդամէնը քանի մը օր առաջ ան կոչ կ’ուղղէր ստեղծելու պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով` «պատմական փաստերը» ուսումնասիրելու համար: Ի՞նչ իմաստ ունի նման ուսումնասիրութիւն իրականացնել, եթէ ան արդէն եզրակացուցած է, որ ցեղասպանութիւն չէ եղած: Վարչապետին առաջարկը ո՛չ լուրջ է եւ ո՛չ ալ անկեղծ…
Չարլի Ռոզի հետ ունեցած իր հարցազրոյցի աւարտին Էրտողանը լրացուցիչ հակասական յայտարարութիւններ ըրաւ` ցեղասպանութեան համար մեղքը բարդելով օսմանցիներուն վրայ. «Անիկա տեղի չէ ունեցած ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրով: Անիկա եղած է Օսմանեան կայսրութեան օրով… Եթէ փաստաթուղթերը ցոյց տան, որ մեր նախնիները որեւէ սխալ գործած են… եթէ պատմաբանները կրնան ի ցոյց դնել ատիկա, ուստի մենք պէտք է փոխհատուցենք ատոր հետեւանքներուն համար»:
Հակառակ անոր որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ոչ մէկ հայ խաբուեցաւ Էրտողանի կեղծ յայտարարութենէն, Թուրքիոյ որոշ հայերու արձագանգը հասկնալիօրէն աւելի բարեացակամ էր: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան իր շքախումբին հետ շտապեց Անգարա` Թուրքիոյ վարչապետին հետ «հաճելի» զրոյցի եւ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուին հետ մտերմիկ ճաշկերոյթի համար: Արքեպիսկոպոս Աթեշեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ ղեկավարներուն` անոնց կողմէ «ընդհանուր ցաւ» արտայայտելու համար, վկայակոչելով Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին զոհուած հայերն ու թուրքերը:
Գովասանքի նման խօսքեր զարմանալի չեն հաշուի առնելով Թուրքիոյ բռնատիրական եւ դաժան վարչակարգին մէջ հայերու` իբրեւ պատանդներ կարգավիճակը, ինչպէս էր պարագան լրագրող Հրանդ Տինքի, որ իր կեանքի գնով վճարեց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը ըսելուն համար: Որոշ թրքահայեր, սակայն, սորված են օգտագործել երկրի վերնախաւին համակարգը իրենց անձնական շահերը յառաջ տանելու համար: Անոնք պատրաստ են ընդունելու Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ժխտողականութիւնը` հարստութիւն դիզելու համար մութ գործարքներու մէջ մտնելով պետական պաշտօնեաներու հետ եւ կամ ապահովելու իրենց բարձրաստիճան պաշտօնները հայ համայնքին մէջ: Իրօք, քանի մը հանրայայտ թրքահայեր առաջարկած էին Էրտողանը առաջադրել խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի` ապրիլ 23-ի անոր յայտարարութեան համար… Երկու հայ գործարար նոյնիսկ ինքնախարազանող յայտարարութիւններ տեղադրեցին թրքական թերթերու մէջ` շնորհակալութիւն յայտնելով Էրտողանին եւ ներողամտութիւն հայցելով Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ թրքական «կորուստներ»-ուն համար:
Վերջ ի վերջոյ, կարեւորը այն չէ, թէ Էրտողանը իր յայտարարութեան մէջ կամ Տաւութօղլուն «Տը Կարտիըն» թերթի իր սիւնակին մէջ ի՛նչ կ’ըսեն կամ չեն ըսեր Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Աւելի հիմնարար հարց է, թէ արդեօք թուրք պաշտօնեաները պատրա՞ստ են քաւելու հայ ժողովուրդին դէմ իրենց նախնիներուն գործած ոճրագործութիւններուն մեղքերը: Հայերու մեծամասնութեան համար կարեւորը փոխհատուցումն ու արդարութիւնն է, ոչ թէ դատարկ հռետորաբանութիւնը… Էրտողանի խօսքերը չափազանց անբաւարար են եւ խիստ ուշացած: Անոր յայտարարութիւնը սոսկ խորամանկ հնարք է վնասի մեղմացման համար, հաշուի առնելով բազմացող միջազգային տրամադրութիւններն ու կոչերը` պատասխանատուութիւն կրելու Հայոց ցեղասպանութեան համար, ինչպէս նաեւ` շեղելու ուշադրութիւնը Թուրքիոյ եւ անոր վարչապետին շուրջ աղմկայարոյց յորձանուտէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

