Սպանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Ռէալ Մատրիտի Համար Տիտղոսին Տիրանալու Յոյսերը Վերջ Գտան

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, երէկ գիշեր Ռէալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Սելթա Վիկոյէն, տիտղոսին տիրանալու իր յոյսերը վերջնականապէս կորսնցուց` նկատի ունենալով, որ արքայական խումբը այժմ հինգ կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Աթլեթիքօ Մատրիտէն, որ իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մալակայի հետ:

Ինչ կը վերաբերի Պարսելոնային. անիկա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելէ ետք Էլչէի հետ, այժմ երեք կէտով ետ կը մնայ Աթլեթիքօ Մատրիտէն:

Սակայն Պարսելոնա կրնայ տիրանալ տիտղոսին, եթէ 38-րդ եւ վերջին հանգրուանին իր դաշտին վրայ յաղթէ նոյնինքն Աթլեթիքօ Մատրիտին:

Ստորեւ դասաւորումը.

  ԿԷՏ
1.- Աթլեթիքօ Մատրիտ 89 (76-25)
2.- Պարսելոնա 86 (99-32)
3.- Ռէալ Մատրիտ 84 (101-37)
4.- Աթլեթիքօ Պիլպաօ 69 (66-39)
Share this Article
CATEGORIES