Վահէ Պէրպէրեան Ներկայացուց «Եթէ»-ն

1105vaheԵրէկ` կիրակի, 11 մայիսի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ լիբանանահայ գաղութը անգամ մը եւս վայելեց Վահէ Պէրպէրեանը` իր «Եթէ» ներկայացումով: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ:

Արդարեւ, մօտ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ Վահէ Պէրպէրեան կրցաւ գոհացնել հանդիսատեսը` իր զուարճալի «անեկդոտ»-ներով, եւ հաճելի մթնոլորտ ստեղծել սրահին մէջ:

2013-ին Վահէ Պէրպէրեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուցած էր «Եթէ»-ն: Հակառակ անոր, որ իր Եւրոպա շրջապտոյտին առիթով երբ Պէրպէրեան դարձեալ Լիբանան այցելեց` ներկայացնելու զայն, հանրութիւնը խուռներամ խուժած էր սրահ, անգամ մը եւս դիտելու եւ զուարճալի պահեր անցընելու համար:

Յայտնենք, որ այսօր երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ կրնաք դիտել «Եթէ»-ի երկրորդ եւ վերջին ելոյթը:

 

Share this Article
CATEGORIES